ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին առեւտրատնտեսական, գիտաթեքնիք համագործակցութեան առանցքային հարցերը՝ կեդրոնանալով այն համատեղ ծրագրերուն վրայ, որոնք կ՚իրականացուին արդիւնաբերութեան եւ փոխադրական ենթակառուցուածքներու ոլորտէն ներս։

Հարկ է յիշեցնել, որ Մոսկուա եւ Պաքու վերջին շրջանին լիարժէք փոխըմբռնումով կը գործեն Հարաւային Կովկասի ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024