«ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ԵՒՐՈՊԱ»
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ յաջորդ տարի երկիրը պիտի միանայ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը։ Այս առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին Յասմիկ Պօղոսեան լրագրողներուն հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, թէ 2016-ին Հայաստան պիտի միանայ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին։ Այս մասնակցութիւնը ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, նախ եւ առաջ՝ սոյն նախագծի հիմքին դրուած է ստեղծագործ մտածողութեան կարեւորութիւնը։ Առայժմ, ծրագրերու մեծամասնութիւնը ուղղուած է ընդհանուր դաշտի ստեղծման։ Պատահական չէ, որ տուեալ ծրագիրը կոչուած է «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն, որովհետեւ իւրաքանչիւր մշակոյթ նախ եւ առաջ ստեղծագործութիւն է։
Յասմիկ Պօղոսեան շեշտեց, թէ Հայաստան մեծ ներուժ մը ունի այս ոլորտէն ներս, որովհետեւ հայերը ստեղծագործ ժողովուրդ են։ «Հայաստան եւրոպական դաշտին մէջ միշտ ներգրաւուած է իր ստեղծագործութիւններով։ Այսինքն մենք մեր մշակոյթը ստեղծած ենք՝ սերտ կապեր պահպանելով եւրոպականին հետ», ըսաւ Յասմիկ Պօղոսեան եւ աւելցուց, թէ նախորդներուն բաղդատմամբ «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն» ծրագիրը բաւական իրատես կը համարուի։