ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՆՇԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Ա­սիա­կան զար­գաց­ման դրա­մա­տու­նը վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը նշեց Հա­յաս­տա­նէ ներս իր ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան 10-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը։ Այս առ­թիւ դրա­մա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Հա­յաս­տա­նի մէջ կեան­քի կո­չուած ծրագ­րե­րուն շուրջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նոյն շրջա­նին պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, թէ այս դրա­մա­տու­նը 88.5 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ նոր վարկ մը կը տրա­մադ­րէ Հա­յաս­տա­նին։ Այս վեր­ջին վար­կին նպա­տակն է կեան­քի կո­չել սիս­միք անվ­տան­գու­թեան բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղեալ նա­խա­գիծ մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ նոյն շրջագ­ծով մաս­նա­ւո­րա­պէս պի­տի ու­ժե­ղա­ցուի դպրոց­նե­րուն սիս­միք տո­կու­նու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, վեր­ջերս Եւ­րոա­սիոյ զար­գաց­ման դրա­մա­տունն ալ ո­րո­շեց 300 մի­լիոն տո­լար վարկ տրա­մադ­րել Հա­յաս­տա­նին՝ երկ­րի տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման ուղ­ղեալ ե­ռա­մեայ բա­րե­փո­խու­նե­րու ծրագ­րի մը ի­րա­կա­նաց­ման նպա­տա­կով։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2015