ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐԸ ՄՈՒՍՈՒԼ ՄՏԱՆ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ լայնածաւալ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա երէկ առաւ անկիւնադարձային քայլ մը։ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Մուսուլ, ուր Պաշիքա շրջանին մէջ պիտի ստեղծեն մշտական ռազմախարիսխ մը։ Այս վերջինը պիտի նմանի Պամերնիի ռազմախարիսխին։ Թուրքիա 600 զինուորներէ բաղկացեալ զօրախումբ մը ուղարկած է Մուսուլ եւ այդ զինուորներէն 400-ը քոմանտոներ են։
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի հաւանութիւնով Անգարայի ղեկավարը առած է այս քայլը։ Պաշիքա ուղարկուած է նաեւ 25 հրասայլ։ Թրքական զօրքը տեղակայուած է ԻՇԻՊ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանէն 10 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, մօտաւոր անցեալին Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօն վարած շրջանին Նոյեմբերի 4-ին ան այցելութիւն մը տուած էր Մեսուտ Պարզանիին եւ այդ ընթացքին ձեռք բերուած էր այս պայմանաւորուածութիւնը։ Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութիւնը այդ գործողութիւնը բացարձակապէս անընդունելի կը համարէ առանց իր հետ համաձայնեցման, սակայն ԻՇԻՊ-ի դէմ օդային գործողութիւններ իրականացնող միջազգային համախոհութիւնը երկու օր առաջ արդէն տեղեակ պահուած է Թուրքիոյ կողմէ այս զօրքի կուտակման մասին։ Թուրք զինեալ ուժերը երկու տարիէ ի վեր արդէն կը մարզեն Հիւսիսային Իրաքի փեշմերկէներն ու ԻՇԻՊ-ի դէմ ուժերը։ Ներկայիս թրքական բանակը պիտի աւելցնէ այդ մարզումներուն թափն ու ծաւալը