ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՎՃՌԷ ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ վաղը պիտի մասնակցին սպասուած համապետական հանրաքուէին: Ամիսներ տեւած քարոզարշաւէն ետք երկրի քաղաքական դաշտի հիմնական ուժերը իրենց ամբողջական ներուժի լարումով պիտի մասնակցին այս ընտրութիւններուն: Մինչ բարեփոխումներուն «Այո» պիտի քուէարկեն իշխող «Հանրապետական» կուսակցութիւնը իր կողքին ունենալով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), «Բարգաւաճ Հայաստան», Սոցիալ դեմոկրատական հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) եւ այլ կուսակցութիւններ, անդին «Ոչ» պիտի քուէարկեն «Նոր Հայաստան» քաղաքական դաշինքի անդամակից կուսակցութիւնները. ինչպէս՝ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած Հայ ազգային գոնկրէսը (ՀԱԿ), Րաֆֆի Յովհաննիսեանի առաջնորդած «Ժառանգութիւն»ը, Ժիրայր Սէֆիլեանի «Հիմնադիր խորհրդարան»ը, այլ մարմիններ եւ անհատ քաղաքական գործիչներ: Ըստ իշխանութեան մօտեցումներուն, երկիրը խորհրդարանական հիմունքներով կառավարելու մեթոտը կրնայ դրական կարեւոր փոփոխութիւն համարուիլ երկրի մը համար, որ իր նախագահական ընտրութիւնները կը կայացնէ ուղղակիօրէն ժողովրդային քուէարկութեան շնորհիւ: Իշխանութեան մտահոգութիւնը որեւէ ընտրութիւններէ ետք երկրին մէջ տեղի ունենալիք քաղաքական սուր լարումներուն, առճակատման, լարուած իրավիճակի մը կանխումն է: Իսկ ընդդիմադիր հատուածներուն համար ներկայ իշխանութիւնները՝ առաջնորդութեամբ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ամէն ճիգ պիտի ընեն վերարտադրուելու համար եւ խորհրդարանական համակարգով պիտի պահպանեն իրենց քաղաքական դիրքերը:
Բնականաբար կան նաեւ ուժեր, որոնք վճռական որոշում մը չունին ընթացող գործընթացներուն դիմաց: Ընդդիմադիր հատուածներուն մօտ սահմանադրական բարեփոխումներու այս առաջարկը երեւելի ճիգով մը կը նոյնացուի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի անձաւորութեան դէմ եղած հերթական «սեւացրէք»ի քաղաքականութեամբ:
Սերժ Սարգսեան փրկիչ մը չէ: Ան ոչ ալ այդ յաւակնութիւններով հանդէս գալու խնդիր դրած է իր առջեւ: Հայաստանի երրորդ նախագահին Հինգշաբթի օր հայրենի պատկերասփիւռային ալիքներուն տուած մամլոյ ասուլիսը, որու ընթացքին նախագահը բացատրելով սոյն սահմանադրութեան բարեփոխումներու կարեւորութիւնը կ՚ըսէր. «Սահմանադրական բարեփոխումներու պահանջը երկրին մէջ կը ձեւաւորուի քաղաքական հիմնական ուժերուն դրած առաջարկով: Թէ՛ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը, թէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ թէ «Ժառանգութիւն»ը շատ երկար ժամանակէ ի վեր այդ պահանջով ներկայացած են եւ այդ խօսքերը լսելի դարձան 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք»: Նախագահ Սարգսեան նաեւ շեշտեց, թէ շատ բնական է, որ քաղաքական որեւէ գործընթացի առընթեր որոշ ուժեր դժգոհութիւններ ունենան:
Նախագահ Սարգսեան նաեւ մատնանշեց, որ 6 Դեկտեմբերին ամէն ինչ պարզ կը դառնայ եւ Հայաստանի ժողովուրդն է ի վերջոյ, որ պիտի վճռէ այս սահմանադրական բարեփոխումներու ճակատագիրը: Սերժ Սարգսեան նկատել տուաւ, թէ ինք որպէս երկրի նախագահ պարտաւոր է ժողովուրդին մատնացոյց ընել ներկայ սահմանադրութեան մէջ եղած անպատեհ կողմերուն մասին, յիշեցնելով, որ այսօր աշխարհ կը գտնուի մեծ փոփոխութիւններու դիմաց եւ Հայաստան եւս, որպէս երկիր պարտաւոր է քայլ պահել ներկայ ընթացող գործընթացներուն հետ:
Նախագահի խօսքին ընդհանուր պարունակին մէջ կայ նաեւ այն հաւաստիացումը, որ այս բարեփոխումները մահու ու կենաց խնդիր չեն իրեն համար, այլ տեղի ունենալիքը բնական գործընթաց մըն է ու լաւ կ՚ըլլայ, որ հանրաքուէն ըլլայ անցնցում եւ ամէն ինչ խաղաղ կերպով ընթանայ:
Գալով ընդդիմադիր դաշտի ընդհանուր իրավիճակին, կարելի է նկատել, որ ընդդիմութիւնը, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական հրապարակէն հեռանալով ստեղծուած ջրբաժանէն ի վեր ան չէ յաջողած ուշքի գալ: Այս մասին կը վկայէ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեան, որ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին խօսելով (այս մէկը հաւաքներու սկիզբէն առաջ) իր գործընկերներուն կոչ ըրաւ ներելու անցեալի սխալներուն եւ մէկտեղուելու մէկ գաղափարի շուրջ: «Նոր Հայաստան» անուանումով հանդէս եկող ուժերու մօտեցումներու հիմնական մտահոգութիւնը ներկայ իշխանութիւններուն վերատարութեան հարցն է, որ ըստ իշխող «Հանրապետական» կուսակցութեան սահմանադրական գալիք բարեփոխումները այդքան ալ կենսական չեն, եթէ վերարտադրումի հարց մը կայ: Մէկէ աւելի մեկնաբաններ տակաւին մատնացոյց կ՚ընեն, որ ընդդիմադիր ուժեր ոչ միայն իրենց ներկայացուցիչները չունին տարբեր շրջաններու քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ, այլ նաեւ անոնք ներկայութիւն չեն այդ շրջաններուն մէջ:
Ընդդիմութեան համար հիմնական կէտը համաժողովրդային շարժումի մը խմորումն է, որուն հեռահար նպատակներուն մէջ բնականաբար կ՚երեւին 2017 թուականին Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց պատրաստուելու ընդհանուր ճիգը: Դժգոհութեան եւ ընկերային-տնտեսական տագնապներու մէջ տուայտող Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կարեւոր մէկ հատուածը անկախ քաղաքական-գաղափարական պատկանելիութենէ, դէմ պիտի արտայայտուի բարեփոխութեանց ու իր քննադատութիւններուն թիրախ ընտրէ երկրի նախագահն ու ընդհանուր ղեկավարութիւնը:
Երեւելի է նաեւ, որ ընդդիմութեան ունեցած ներուժը փոփոխութիւն մը յառաջացնելու համար բաւարար չէ: Օրինակ՝ «Նոր Հայաստան» նախաձեռնութեան առաջին հաւաք-երթի գիշերը (1 Դեկտեմբեր) Ազատութեան հրապարակին վրայ գիշերածներու թիւը կը հասնէր երեսունհինգի: Այս ի՞նչ կը նշանակէ. կը նշանակէ նաեւ, որ Հայաստանի ժողովուրդը եթէ վստահութիւն չունի իշխանութեան հանդէպ, նոյնքան ալ անվստահ է հրապարակ դուրս եկած ընդդիմութեան հանդէպ:
Գալով սահմանադրական բարեփոխումներու ձախողութեան կամ «Ոչ»ի ճակատին յաջողութեան, այդ պարագային երկրի կառավարման բարելաւման ապահով անցումը Հայաստան կը պահէ «սթոփ քատր»ի մը մէջ ու անհնար կ՚ըլլայ մօտիկ ապագային դրական յառաջընթացի սպասել:
Սահմանադրական բարեփոխումներու ամենէն դրական կէտը այն է, որ առիթ պիտի տայ խորհրդարանին մէջ ձեւակերպել երկրի քաղաքական կեանքը: Այսինքն պահպանել երկիրը մեծ ցնցումներէ, անձնաւորուած թշնամութենէ, մէկ անձի շուրջ կեդրոնացուած մօտեցումներէ, եւ ամենակարեւորը, երկիրը մէկ հոգիով կառավարելու վտանգէ: Այս բարեփոխումները նաեւ խթան պիտի հանդիսանան, որ քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց շինիչ դերը ունենան բոլոր համակարգերու մէջ:
2015 թուականի հանրաքուէն պիտի անցնի խաղաղ եւ անցնցում: Ու բարեփոխումները յաջողին կամ ոչ, Հայաստան պիտի մտնէ քաղաքական նոր փուլ մը, որուն գլխաւոր օրակարգը քաղաքական ուժերու վերադասաւորումն է եւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատրաստուիլը:
Կարեւոր է յառաջիկայ հանգրուանը, որուն բոլոր քայլերուն մէջ քաղաքական կուսակցութիւնները իրենց արժանի տեղի պիտի ունենան, պայմանաւ, որ այդ ուժերը (յատկապէս ընդդիմադիր թեւերը) չբաւարարուին իշխանափոխութիւն պոռալէ, այլ անցնին գործնական քայլերու եւ ստեղծեն քաղաքական ուրոյն համակարգ:
Ու գաղտնիք ալ չէ, որ թոյլ ընդդիմութիւն մը վնասակար է ոչ թէ միայն զայն առաջնորդող ուժերուն, այլ ողջ Հայաստանի Հանրապետութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան