ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ երէկ փութաց Միջերկրականի արեւելքը՝ ժամանելով «Շարլ Տը Կոլ» օդանաւերու ռազմանաւը, որ Նոյեմբերի 13-ին Փարիզի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումէն ի վեր կը գտնուի Սուրիոյ ծովափին՝ հարուածներ հասցնելու համար «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ։ Ֆրանսական ծովաօդային զօրքերու կարեւորագոյն տարրերէն մին է «Շարլ Տը Կոլ»ը, որմէ թռիչք առնելով ֆրանսական ռազմաօդանաւերը օրերէ ի վեր սարսափելի հարուածներ կու տան ԻՇԻՊ-ին։ Երբ Ֆրանսա պատերազմ հռչակած է ԻՇԻՊ-ի դէմ, Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտն ալ այս իրադրութեան մէջ երէկ ոտքը դրաւ «Շարլ Տը Կոլ»ի տախտակամածին վրայ։ Ֆրանսական պետութեան գլխաւորը մէկ կողմէ կը փորձէ միջազգային բեմահարթակի վրայ բուռն աշխատանքով մեծ համախոհութիւն մը ձեւաւորելու ԻՇԻՊ-ի դէմ, իսկ միւս կողմէ արդէն կը ջանայ ֆրանսական բանակին բարոյականը բարձրացնել՝ ներկայ բազմակողմանի գործողութիւններու ժամանակաշրջանին։ Փարիզի ղեկավարութիւնը ներկայ հանգրուանին միեւնոյն ժամանակ կը ձգտի յստակօրէն միջազգային հանրային կարծիքի ուշադրութեան յանձնել իր զինուորական ուժը, ինչ որ յաւելեալ գործօն մըն է՝ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային մեծ համախոհութիւն մը ձեւաւորելու ճանապարհին։
Էլիզէ պալատի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Ֆրանսուա Օլանտ «Շարլ Տը Կոլ» ռազմանաւուն վրայ տեսակցած է ֆրանսացի զինուորներուն հետ, որոնք կ՚իրականացնեն ԻՇԻՊ-ի դէմ ռմբակոծումները։ Օլանտի պաշտօնական ժամանակացոյցին վրայ այս այցելութեան մասին հաղորդուեցաւ վերջին պահուն՝ հաշուի առնելով անվտանգութեան գործօնները։ Օլանտ մասնակցեցաւ «Շարլ Տը Կոլ»ի հրամանատարութեան կողմէ տրուած պրիֆինկին, զրուցեց գործողութենէն վերադարձած օդաչուներուն եւ թեքնիկ անձնակազմին հետ։ Ան ականատեսը դարձաւ նաեւ ռազմաօդանաւերու առաջադրանքի ուղարկման։ Ֆրանսական բանակի ողնայարի բաղադրիչներէն մին համարկուող այս ռազմանաւուն վրայ ան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։
Միջերկրականի արեւելքին «Շարլ Տը Կոլ»ը ռազմածովային կարգապահութեան ուժերուն հետ կը մասնակցի ԻՇԻՊ-ի դէմ հակաահաբեկչական գործողութիւններուն։