ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ տեղեկացուց, թէ ներկայ ամսուան կէսերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի նոր տեսակցութիւնը։ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած ժողովէն վերջ Նալպանտեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան յայտնեց, թէ նախագահներու հանդիպման հարցը քննարկուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն Պելկրատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին։ Ըստ Նալպանտեանի, նախագահներու հանդիպման վայրն ու յստակ թուականը պիտի հրապարակուին պաշտօնապէս, սակայն արդէն հաստատուած է, որ հանդիպումը պիտի կայանայ Դեկտեմբերին։ «Ըստ կողմերու միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ պիտի կատարուի հանդիպման մասին յայտարարութիւն համապատասխան ձեւով, թէեւ Ատրպէյճան միշտ կը խախտէ այդ պայմանաուորուածութիւնը եւ յառաջ կ՚իյնայ։ Ի՞նչ կու տայ այս բանը իրենց։ Բայց մենք այդպիսի բաներով չենք զբաղիր եւ ըստ պայմանաւորուածութեան յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ ծրագրաւորուած ժամանակին։ Բայց հանդիպումը պիտի ըլլայ Դեկտեմբերին», ըսաւ Նալպանտեան։
Նախագահներու նոր ժամադրութեան մասին խօսեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք։ Ան տեղեկացուց, որ մինչեւ ամսավերջ նախագահներու գագաթաժողովը կազմակերպելու ճանապարհին կը գտնուի։
Մինչ այդ, Եդուարդ Նալպանտեան մեկնաբանեց Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծին վրայ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ապրուած դէպքը։ Ծանօթ է, որ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ իրականացուած յարձակման հետեւանքով նահատակուած էր հայ զինուոր մը։ Ըստ Նալպանտեանի, շփման գծին վրայ յարձակում կատարելով Ատրպէյճան պատասխանած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան։ Ծանօթ է, որ Պելկրատի մէջ համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի պատուիրակութիւններու ղեկավարները հանդէս եկած էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ յայտարարութիւնով մը։ «Իւրաքանչիւր տարի Դեկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդի հանդիպումէն առաջ Ատրպէյճան կը նուազեցնէ լարուածութիւնը սահմանին ու կը հրաժարի սադրանքներէ, սակայն գագաթաժողովի յայտարարութենէն յետոյ կրկին կ՚աւելցնէ լարուածութիւնը եւ այդ ձեւով կը պատասխանէ յայտարարութեան», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, թէ այս հանգամանքին վրայ ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ եռանախագահներուն հետ տեսակցութեան ընթացքին։ Ըստ իրեն Ատրպէյճան այդպէս կը պատասխանէ յայտարարութեան, իսկ Հայաստան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւններու միջոցաւ հասնելու հիմնախնդրի կարգաւորման, ինչ որ կը համապատասխանէ եռանախագահներու եւ միջազգային հանրութեան կոչերուն։ Նալպանտեանի խօսքերով, եռանախագահ երկիրներու Պելկրատի մէջ հրապարակուած յայտարարութիւնը ուղղուած է բացառապէս Ատրպէյճանին։
Շփման գծի վերջին յարձակման արձագանգեց նաեւ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը։ Արցախի իշխանութիւններն ալ ունին այն համոզումը, թէ սա Ատրպէյճանի պատասխանն է համանախագահներու յայտարարութեան։ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն յայտարարութիւնը հաւասարակշռուած էր իր ոճով, եւ ամենակարեւորը այն է, որ իրենք հիմնական շեշտը կը դնեն խաղաղ կարգաւորման վրայ։ Պապայեանի համոզմամբ, սա իրատես մօտեցում մըն է, թէեւ որեւէ ազդեցութիւն չի գործեր Ատրպէյճանի վրայ։
ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ աւարտեց դէպի Ատրպէյճան պաշտօնական այցելութիւնը։ Պաքուի շփումներուն վերջին օրը ան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի Դիւանագիտական ակադեմիոյ մօտ։ Այս ելոյթին ընթացքին Ահմէտ Տավուտօղլու անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Եթէ դուք սկսիք խաղաղութեան գործընթացին՝ վերադարձնելով բուն տիրոջը այն հողերը, զորս ձեզի չեն պատկանիր, դուք ալ պիտի կարենաք մասնակցիլ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեւաւորուած խաղաղութեան դաշինքին», ըսաւ Ահմէտ Տավուտօղլու՝ խօսք ուղղելով Հայաստանին։ Ան աւելցուց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին։