ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ներ­կայ շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան շարք մը ժո­ղով­նե­րու կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­յի մէջ։ Ան այ­սօր Վիեն­նա­յի մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Մի­ջու­կա­յին անվ­տան­գու­թեան նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին։

Դեկ­տեմ­բե­րի 7-ին, Պրիւք­սե­լի մէջ, ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան պի­տի մաս­նակ­ցի Հիւ­սիս Ատ­լա­նտեան դա­շին­քի եւ գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­նե­րու՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նին վե­րա­բե­րեալ նա­խա­րա­րա­կան մա­կար­դա­կով հան­դիպ­ման։ Նոյն օ­րը Փա­րի­զի մէջ ան ներ­կայ պի­տի գտնուի Բաց կա­ռա­վար­ման գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

8-9 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն Նալ­պան­տեան պի­տի գտնուի Համ­պուր­կի մէջ, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու 23-րդ հա­ւա­քին։ ԵԱՀԿ-ի Նա­խա­րա­րա­կան խոր­հուր­դի շրջա­նակ­նե­րէն ներս նա­խա­տե­սուած են Նալ­պան­տեա­նի ե­լոյթն ու այլ շարք մը հան­դի­պում­ներ։ Դեկ­տեմ­բե­րի 10-ին Նալ­պան­տեան վերս­տին պի­տի գտնուի Փա­րի­զի մէջ, ուր նա­խա­տե­սուած է Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած Հա­յաս­տա­նի դես­պան­նե­րուն ա­ւան­դա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ներ­կայ շաբ­թուան տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յա­նա­լիք հան­դի­պում­նե­րուն։ Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան զե­կու­ցեց մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ Հա­յաս­տա­նի աշ­խոյժ ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ձեռ­նար­կուած աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։ Ան կանգ ա­ռաւ ձեռք­բե­րում­նե­րուն եւ յա­ռա­ջի­կա­յի քայ­լե­րուն վրայ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016