ԸՍՏ ՓՈՒԹԻՆԻ­, ՄԻԱԲԵՒԵՌ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿՔԱԾ Է

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ միա­բե­ւեռ աշ­խար­հը կքած է։ Ռու­սա­կան NTV հե­ռուս­տա­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ան քննա­դա­տեց Ա­րեւ­մուտ­քը։ Ըստ ի­րեն, միա­բե­ւեռ աշ­խարհ մը ստեղ­ծե­լու աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը կքած են, ի­րադ­րու­թիւ­նը կը փո­խուի եւ հա­մաշ­խար­հա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը սկսած են վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուիլ։

Ըստ Փու­թի­նի այ­լեւս սկսած են տար­բեր ժա­մա­նակ­ներ։ «Ռու­սաս­տան միշտ հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցած է այն հա­մոզ­ման, թէ սե­փա­կան շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու ժա­մա­նակ պէտք է յար­գել նաեւ ու­րիշ­նե­րու շա­հե­րը։ Մեր բո­լոր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ այս հի­ման վրայ պի­տի կա­ռու­ցենք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը», ը­սաւ Փու­թին։

Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով ռուս ղե­կա­վա­րը յայտ­նեց, որ Ա­րեւ­մուտ­քը ե­թէ ժա­մա­նա­կին լսած ըլ­լար Մոս­կուա­յէն հնչած տե­սա­կէտ­նե­րը, ա­պա հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լար զերծ մնալ Ա­րա­բա­կան գա­րու­նի հե­տե­ւանք­նե­րէն։ «Գաղտ­նիք չէ, որ մեր գոր­ծըն­կեր­նե­րը այ­լեւս կը նա­խընտ­րեն հա­ւա­տա­րիմ մնալ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին», ը­սաւ Փու­թին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016