ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԱԹԷՕ ՌԵՆՑԻ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ

Ի­տա­լիոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման հա­մար հան­րա­քուէ մը։ Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէր բարձ­րաց­նել իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ժո­ղո­վուր­դը ըն­թացք չէ տուած Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն։

«Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցի հան­րա­քուէի ար­դիւն­քով կրած պար­տու­թեան լոյ­սին տակ ո­րո­շեց ներ­կա­յաց­նել հրա­ժա­րա­կան։ Մա­թէօ Ռեն­ցի յայտ­նեց, որ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը ժո­ղով պի­տի գու­մա­րէ եւ ա­ւե­լի վերջ ինք Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ներ­կա­յա­նա­լով պի­տի յանձ­նէ հրա­ժա­րա­կան­նե­րը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016