ԼԱՅՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու շա­բա­թա­վեր­ջին շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պա­քուի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Նա­խա­րա­րը ըն­դու­նուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ, ո­րու հետ ըստ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ խնդիր­նե­րու շուրջ։

Չա­վու­շօղ­լու տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, եր­կու նա­խա­րար­նե­րը սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Չա­վու­շօղ­լու այս առ­թիւ յայտ­նեց, որ լայ­նօ­րէն քննար­կուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցը։ «Մեր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին ե­ղած են նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու, ա­ռա­ջին հեր­թին՝ Ռու­սաս­տա­նի հետ ըն­թա­ցող քննար­կում­նե­րը», ը­սաւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ պէտք է մեծ ջան­քեր գոր­ծադրուին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին կող­մէ։ Ըստ Պա­քուի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, Չա­վու­շօղ­լու նշեց նաեւ, որ Հա­յաս­տա­նի զօր­քե­րը պէտք է ան­յա­պաղ լքեն բռնագ­րա­ւեալ տա­րածք­նե­րը։

Մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին Մա­մէ­տեա­րով յայտ­նեց, որ Չա­վու­շօղ­լու ի­րեն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցած է վեր­ջին օ­րե­րուն Ա­լա­նիոյ մէջ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման եւ այդ առ­թիւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ ծա­ւա­լուած քննար­կում­նե­րուն մա­սին։ «Մենք քննար­կե­ցինք նաեւ յա­ռա­ջի­կա­յին Համ­պուր­կի մէջ նա­խա­տե­սուած ԵԱՀԿ-ի հան­դիպ­ման վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր», ը­սաւ Մա­մէ­տեա­րով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016