ՃՈՆ ՔԵՐԻ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԸՆԹԱՑՔԸ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի յայ­տա­րա­րեց, որ Իս­րա­յէլ որ­դեգ­րած է վտան­գա­ւոր ըն­թացք մը։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, Ռու­քինկ­զի կա­ճա­ռէն ներս կազ­մա­կեր­պուած ֆո­րու­մի մը ըն­թաց­քին Ճոն Քե­րի խօ­սե­ցաւ Իս­րա­յէլ-Պա­ղես­տին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը հա­մո­զուած է, թէ Պա­ղես­տի­նի տա­րած­քէն ներս Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ նոր բնակ­չու­թեան վայ­րե­րու ստեղ­ծուի­լը կը խո­չըն­դո­տէ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս ա­ռու­մով Իս­րա­յէլ որ­դեգ­րած է վտան­գա­ւոր ըն­թացք մը։ Քե­րի հա­մա­միտ չէ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յահու­ի այն տե­սա­կէ­տին, թէ բնա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չի խո­չըն­դո­տեր խա­ղա­ղու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ «Պէտք չու­նինք մենք զմեզ խա­բե­լու։ Չես կրնար ա­մէն ինչ ան­տե­սե­լով ը­սել, որ ազ­դե­ցու­թիւն մը չու­նի։ Ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի։ Ես այս­տեղ չեմ ե­կած բա­ցատ­րե­լու հա­մար, որ բնա­կեց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը խնդրի բուն դրդա­պատ­ճառն է։ Բայց չեմ կրնար ը­սել նաեւ, որ այս բո­լո­րը խա­ղա­ղու­թեան տե­սա­կէ­տէ խնդիր չեն հան­դի­սա­նար», ը­սաւ Քե­րի եւ ա­ւել­ցուց, որ այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք Իս­րա­յէ­լի եւ Պա­ղես­տի­նի մի­ջեւ առ­կայ են, մի­միայն այդ եր­կու եր­կիր­նե­րը չեն հե­տաքրք­րեր։ Այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կը նե­րազ­դէ նաեւ Իս­րա­յէ­լի եւ ա­րա­բա­կան եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ։ «Իս­րա­յէլ, նախ­քան Պա­ղես­տի­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լը, ա­րա­բա­կան աշ­խար­հի հետ ա­ռանձ­նա­պէս խա­ղա­ղու­թիւն պի­տի չհաս­տա­տէ», ը­սաւ պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Իս­րա­յէլ նկա­տի չ՚առ­ներ ա­մե­րի­կեան կող­մին զգու­շա­ցում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016