ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ

Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան կա­լուա­ծոց տե­սուչ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան յայ­տա­րա­րեց, որ Սուրբ Ա­թո­ռը ա­չալր­ջօ­րէն կը մօ­տե­նայ Պոլ­սոյ իր կա­լուած­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան այս շրջա­նին անձ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նով մը կը գտնուի Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ։ Իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րած է Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան պաշ­տօ­նա­թերթ «Մա­սիս»ին, ո­րու կայ­քէ­ջին վրայ լոյս տե­սած են իր խօս­քե­րը։ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեան այս առ­թիւ անդ­րա­դար­ձած է Իս-

թան­պու­լի այն կա­լուած­նե­րուն, ո­րոնք ան­ցեա­լի մէջ պատ­կա­նած էր Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան ու վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Սուրբ Ա­թո­ռը ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ ա­նոնց սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար։ Ակն­յայտ է, որ այդ կա­լուած­նե­րը պատ­րուակ կը ծա­ռա­յեն նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի կող­մէ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­նո­նա­ւոր պար­բե­րու­թեամբ Իս­թան­պուլ տրուած ա­ռեղ­ծուա­ծա­յին այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Ըստ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեա­նի, Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թիւ­նը ա­չալր­ջօ­րէն կը մօ­տե­նայ իր եր­բեմ­նի կա­լուած­նե­րու հար­ցին եւ զա­նոնք կը հե­տապն­դէ օ­րի­նա­կան մի­ջոց­նե­րով՝ ա­ռանց թմբու­կի ու փո­ղա­հա­րու­թեան։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ան մատ­նան­շած է նաեւ էա­կան նո­րու­թիւն մը, որ օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ ա­ռա­ջին ան­գամ։ Այս­պէս, Ե­րու­սա­ղէ­մի կալ­ուած­նե­րու խնդի­րը ներ­կա­յիս յանձ­նուած է «Թուր­քիոյ Բարձ­րա­գոյն ա­տեա­նը» եւ ի­րենք կ՚ակն­կա­լեն վան­քա­պատ­կան կա­լ­ուած­նե­րու վե­րա­դար­ձուե­լուն իր վա­ւե­րա­կան ու օ­րի­նա­կան տէ­րե­րուն՝ այ­սինքն Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան։ Այս­տեղ վերջ­նա­կա­նօ­րէն յայտ­նի չէ, թէ ո՞ր դա­տա­րա­նին մա­սին է խօս­քը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի կա­լուա­ծոց տե­սու­չը «բարձ­-րա­գոյն ա­տեան» ը­սե­լով Սահ­մա­նադ­րա­կա՞ն ա­տեա­նին կ՚ակ­նար­կէ, թէ ու­րիշ դա­տա­կան մարմ­նի մը։

Մի­ջան­կեալ յի­շեց­նենք, որ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնն ալ դի­մած է Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեան, սա­կայն այդ դի­մու­մի ճա­կա­տա­գի­րը կը մնայ ա­նո­րոշ։ Եր­կու ա­թոռ­նե­րու դի­մում­նե­րուն հիմ­նա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը այն է, որ Ան­թի­լիաս Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թե­նէն բո­լո­րո­վին ան­կախ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը կա­տա­րած է ու տե­ւա­բար կը շեշ­տադ­րէ դա­տին քա­ղա­քա­կան բնոյ­թը, իսկ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ա­թո­ռը Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նին հետ ո­րոշ չա­փով կը հա­մա­կար­գէ իր քայ­լե­րը ու ցարդ քար լռու­թիւն պա­հած է այս ա­ռու­մով։ Շատ սա­կաւ ա­ռիթ­նե­րով Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Ա­թո­ռին խնդի­րը օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Իսկ Տ. Պա­րէտ Ծ. Վրդ. Ե­րէ­ցեա­նի այս վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այդ ամ­բող­ջին մէջ ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րուին ի­րենց բո­վան­դա­կած նո­րու­թիւն­նե­րով։

Հա­յաս­տա­նի մէջ եւս այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը գտած են ար­ձա­գանգ։ «Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը կը յի­շեց­նէ ա­ւե­լի վաղ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած լսում­նե­րը, ըստ ո­րոնց Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիար­քա­րա­նը մտա­դիր է այդ կա­լուած­նե­րը վա­ճա­ռե­լու։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2016