ՑՆՑԻՉ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Երէկ Եմէնի մայրաքաղաքը՝ Սանհայի մէջ պատահած սպանութիւնը մեր աչքերուն առջեւ բերաւ Իրաքի, բայց մանաւանդ Լիպիոյ նախկին նախագահ Մուամմէր Քատտաֆիի սպանութեան տեսարանները: Մահափորձի զոհ գնաց երկրի նախկին նախագահ Ալի Ապտուլլահ Սալիհ եւ այս դէպքը կրնայ աւելի բարդացնել Եմէնի տագնապը։ Սալիհ, որ Շաբաթ օր զգայացունց յայտարարութիւնով մը ըմբոստացած էր Թեհրանի հովանին վայելելով «Ժընտ ալլահ»ին կամ Հուսի զինեալներուն, սպաննուեցաւ իր դիրքորոշման «անհասկնալի» փոփոխութենէն միայն երեք օր անց: Ալի Ապտուլլահ Սալիհ, որ վերջին երեք տարիներուն իր ունեցած բոլոր միջոցներով կռուեցաւ Հուսիներու կողքին ընդդէմ երկրի նախագահ Ապըտ Ռապու Մանսուր Էլ Հատիի զօրքերուն, կը սպաննուէր իր դիրքորշման փոփոխութենէն երեք օր ետք: 33 տարիներ Եմէնը ղեկավարած Սալիհ, որ աւելի վաղ թիրախ դարձած ու փրկուած էր հինգ մահափորձերէ, զոհուեցաւ 6-րդ մահափորձի հետեւանքով: Տրամաթիք երեսակներով Սալիհի սպանութեան դէպքը վստահաբար լուծում մը պիտի չբերէ Եմէնի՝ արդէն 3-րդ տարին թեւակոխած արիւնալի տագնապին:

Ինչպէս Իրաքի եւ Լիպիոյ պարագային, այնպէս ալ Եմէնի պարագային՝ երկիրը կրնայ արիւնալի բախումներու վտանգաւոր փուլ մը մտնել: Այստեղ պէտք է նշել, որ Հուսիներու կողմէ առնուած Սալիհը սպաննելու քայլը նպատակ ունէր՝ պահպանել մայրաքաղաք Սանհայի վրայ իրենց ունեցած երեւելի առաւելութիւնը: Դէպքէն անմիջապէս ետք Հուսի ջոկատներու ընդհանուր հրամանատար Ապտըլ Մալէք Էլ Հուսի մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտարարեց. «Այսօր մեզի համար յաղթանակի օր է: Յաջողեցանք հաշուեյարդարի ենթարկել դաւաճաններուն գլխաւորը, որ նպատակ ունէր նոր կացութիւն մը ստեղծել մայրաքաղաք Սանհայի մէջ»: Իր խօքերով՝ Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կատարուած մեծ ներդրումները վտանգուած են այնքան ատեն, որ Ռիատ եւ իր դաշնակիցները մտադիր են ընկճել Եմէնի ժողովուրդը եւ պատերազմ մղել անոր դէմ:

Մէկէ աւելի վերլուծաբաններ, որոնք փորձած են Եմէնի այժու իրավիճակը վերլուծել, դժուարացած են երկրի իրավիճակին համար իրական «ախտաճանաչում» մը կատարել: Մինչ Հուսիները կը յայտարարեն, որ Սանհայի մէջ իրավիճակը իրենց հսկողութեան տակ է, անդին Եմէնի նախագահն ու սպաննուած նախագահի զաւակները Հուսիներու դէմ համընդհանուր յեղափոխութեան մը կոչը կ՚ուղղեն։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ նախկին նախագահ Սալիհի աւագ որդին դէպքէն ժամեր ետք հասաւ Ռիատ ու շատ հաւանական է, որ ան հանդիսանայ հօրը ղեկավարած «Ազգային համագումար» կուսակցութեան նոր առաջնորդը:

Այս պատկերին մէջ բացայայտ է, որ ընդհանուր իրադրութեան հիմնական բանալին գետնի վրայ կատարուող դէպքերն են ու աւելին՝ յառաջիկայ օրերուն Սանհայի մէջ տիրելիք դրութիւնը: Աւելի՛ն, այս առումով ալ գլխաւոր ու հիմնական հարցադրումն է, որ արդեօք Սալիհի ղեկավարութեան տակ եղող ուժերը ու յատկապէս նախագահական պալատի զօրագունդը պիտի լսէ՞ գործող նախագահին ու Սալիհի հարազատներուն Հու-սիներու դէմ պատերազմելու կոչը, կամ տեղի տալով բաժան-բաժան պիտի դառնայ ու պիտի դադրի առաջուան նման գետնի վրայ ազդեցիկ ուժ մը ըլլալէ:

 Եմէնի պատերազմը մտած է կարեւորագոյն փուլ մը ու հակամարտ կողմերուն համար ալ Սալիհի սպանութեան անկիւնադարձային դէպքը կրնայ յենարան մը դառնալ նոր իրավիճակներու հասունացման։ Անոնց մէջ չէ բացառուած յաւելեալ արիւնահոսութեանց ու բախումներու ընդհանուր տեսարանը: Մտահոգիչը Եմէնի ժողովուրդին վիճակն է, որ առանց Սալիհի սպանութեան ալ կը գտնուէր քաոսային դրութեան մը մէջ: Սալիհ հրեշտակ մը չէր ու բացայայտ է նաեւ, որ զինք սպաննողներն ալ նպատակ չունին արեան մէջ թաթխուած Եմէնը դուրս հանել առկայ ծանր վիճակէն: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2017