ԶՈՒԳԱՀԵՌ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական փորձագիտութիւններու փոխ-նախարար Արմէն Արզումանեան յայտնեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը ժամանակի մէջ չէ կորսնցուցած իր դիմագիծը։

«Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ» դրոշմաթուղթի կնքման արարողութեան ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Արմէն Արզումանեան ըսաւ. «Այսքան տարի շարունակ Պոլսոյ մէջ պահելով այդ դիմագիծը՝ շատ կարեւոր աշխատանք մը ըրած էք ու կ՚ընէք»։

Ան աւելցուց, որ դրոշմաթուղթի թողարկումը կը նշանակէ, որ Հայաստանի մէջ հերթական անգամ կ՚ընդգծուի, կը կարեւորուի ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գործունէութիւնն ու կարեւորութիւնը։

Նոյն հանդիսութեան ընթացքին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ «Մամուլն ու նամականիշները ունին հետաքրքրական նմանութիւն մը», ըսաւ Արա Գօչունեան եւ աւելցուց, որ անոնք զուգահեռ խորհուրդներ կը ներկայացնեն՝ ամբողջ աշխարհի վրայ շրջանառութեան մէջ մտնելով։ Մամուլը իր բովանդակութեան տարածումով կը կատարէ այդ շրջանառութիւնը, իսկ դրոշմաթուղթերու պարագային այդ շրջանառութիւնը կ՚ըլլայ անոնց խորհրդանշած պատգամի ամբողջ աշխարհի մէջ յիշեցումով։

Արա Գօչունեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարութեան, «Հայփոստ» ընկերութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած էին այս դրոշմաթուղթի թողարկման ուղղութեամբ։

Առ ի շնորհակալութիւն՝ հանդիսութեան ընթացքին Արա Գօչունեան «Հայփոստ» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Խուան Փապլօ Քեչեճեանին նուիրեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի խմբագրականներու ժողովածոն։ Ինչպէս ծանօթ է, «Օրուան մտածումներ (1908-1913)» անուանեալ այս գործը եղած է առաջին գիրքը՝ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարի, որ հաստատուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի ջանքերով։ Խուան Փապլօ Քեչեճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս յուշանուէրին համար եւ յարատեւութիւն մաղթեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018