ԶՕՀՐԱՊ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՖԵՏԵՐԻՔԱ ՄՈԿԵՐԻՆԻԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր։ Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը մշտապէս ի ցոյց դրած է իր յանձնառութիւնը եւ քաղաքական կամքը՝ արդիւնաւէտօրէն գործադրելու Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը եւ գործնական քայլեր կատարելու այս ուղղութեամբ։ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի յաջորդ նիստի ընթացքին զրուցակիցները կարեւորեցին ոլորտային եւ փորձագիտական մակարդակի հանդիպումներու կազմակերպումը։ Տեսակցութեան ընթացքին Մնացականեան նշեց, որ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակը լաւ հնարաւորութիւն մըն է գնահատելու համար ցայսօր սոյն գործընկերութեան շրջանակներէն ներս արձանագրուած ձեռքբերումները եւ ուրուագծելու զարգացման հեռանկարները։

Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած բարեփոխումներու հիման վրայ արձանագրուած ձեռքբերումները։ Ան անդրադարձաւ նաեւ շաբաթավերջի արտահերթ խոր-հըրդարանական ընտրութիւններուն։ Այսպէս, վստահելի եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է։

Զօհրապ Մնացականեան Ֆետերիքա Մոկերինիին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Մնացականեան եւ Մոկերինի անդրադարձան նաեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային բնոյթով շարք մը հրատապ հարցերու, կարծիքներ փոխանակեցին Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ վերջին զարգացումներուն առընչութեամբ։

Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պրիւքսել աշխատանքային այցելութենէն վերջ այսօր կ՚անցնի Միլանօ, ուր կը տեսակցի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Ան Միլանոյի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018