ԹՐԱՄՓԷՆ ԴՐՈՒԱՏԻՔՆԵՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Այս կարեւոր տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ուր կազմակերպուած էր ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Էրտողան եւ Թրամփ մասնակցութիւն բերին դաշինքի հիմնադրութեան 70-ամեակին ձօնուած այս յոբելենական գագաթաժողովին։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Թրամփ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ծրագրէ դուրս։ Ամերիկացի ղեկավարը տեղեկացուց, որ անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման եւ քիւրտերու վերաբերեալ հարցերուն։ «Այս նիւթին շուրջ մեծապէս կարեւորութիւն կ՚ընծայենք Թուրքիոյ։ Շատեր Թուրքիոյ նկատմամբ յարգանք կը տածեն՝ անոր կողմէ կատարուածներուն բերումով։ Թուրքիա լաւ գործ կը տեսնէ անվտանգ գօտիէն ներս», ըսաւ Տանըլտ Թրամփ եւ աւելցուց, որ Էրտողանի հետ քննարկած են ամէն ինչ։ Ի շարունակութիւն իր դրուատիքներուն՝ Տանըլտ Թրամփ աւելցուց, որ սքանչելի տեսակցութիւն մը ունեցած են Էրտողանի հետ։
Մինչ այդ, ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ժամանակ յաղթահարուեցան ԵՓԿ-ի վերաբերեալ տարաձայնութիւնները։ Դաշինքը կը նախատեսէ յառաջիկային թափ տալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այս նպատակով որդեգրեց գործողութիւններու ծրագիր մը։