ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան մօտաւոր անցեալի 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած յոբելենական յուշամատեանի շնորհանդէսը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Վարժարանի համալիրին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացան Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մարի Արզումանի։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու։ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ այս յատկանշական ձեռնարկին առթիւ ներկաներուն հետ բաժնեց իր զգացումներն ու խոհերը։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Սիրվարդ Մալխասեան, որ յուշամատեանի պատրաստութեան ուղղութեամբ կարեւոր աշխատանք տարած էր։

Ներկաները հաւաքաբար ողջունեցին յոբելենական յանձնախումբի անդամները, յուշամատեանի մեկենասները եւ այս ծրագրին մէջ ներդրում ունեցածները, որոնք բեմ հրաւիրուեցան հաւաքաբար։ Այս փուլին յուշապնակներ նուիրուեցան Տիգրան Կիւլմէզկիլին, Հայկ Արսլանեանին եւ Սարգիս Քիւլէկէչին, որոնք յուշամատեանի մեկենասը եղած էին։

Գինեձօնի պահուն, անշուշտ, հաւաքոյթի խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Այս փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովան եւ տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու բեմ բարձրանալով հատորի առաջին օրինակին վրայ գինի թափեցին, ըստ ընկալեալ սովորութեան։

Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով յայտագրի գործադրութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Աւելի վերջ դպրոցի համալիրէն ներս սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները ծանօթացան հատորին եւ անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։

Գարակէօզեան Տան յոբելենական այս յուշամատեանի շնորհանդէսը յապաղած էր մօտաւոր անցեալի համավարակին հետեւանքով։ Թէեւ որոշ ժամանակ անց, սակայն շաբաթավերջի շնորհանդէսով այս հրատարակութիւնը հանրութեան ծանօթացուեցաւ պատշաճօրէն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022