ԲԱՐԴ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր ժողով մը կը գումարեն Մալթայի մէջ։ Սա նախարարներու 31-րդ հաւաքն է, որուն ընդառաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Մալթայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլիի եւ Ղազախիստանի արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Մուրթլէուի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Պոչորիշվիլի անդրադարձան տարածաշրջանային հարցերու։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան հարցերու շուրջ։ Նախարարները վերահաստատեցին այս տարուայ յունուարին հռչակուած Երեւան-Թիֆլիզ ռազմավարական գործընկերութեան ուղղութիւններով համատեղ աշխոյժ աշխատանքի պատրաստակամութիւնը՝ միտուած երկու հարեւան երկիրներու ժողովուրդներու բարեկեցութեան եւ Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ապահովման։
Միրզոյեան պաշտօնակցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ վերջին զարգացումները։ Ան ընդգծեց, որ Երեւան պատրաստակամ է Պաքուի հետ աւարտին հասցնել ենթադրեալ պայմանագրի համաձայնեցումը եւ առանց արհեստական ձգձգումներու՝ ստորագրման աշխատանքները։
Միւս կողմէ, Մալթա մեկնելէ առաջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լախէյ, Հոլանտա։ Ան մասնակցեցաւ Միջազգային քրէական ատեանի մասնակից պետութիւններու 23-րդ վեհաժողովի նիստին։ Նախարարի այցելութիւնը բնորոշուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւնով մը, որով Հայաստան միացաւ «Ազատութիւն առցանց համախոհութեան» անդամ բոլոր՝ 42 երկիրներու միաձայն աջակցութեամբ։ Համապատասխան ստորագրութիւնը Միրզոյեան փոխանակեց Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Գասպար Վելթքամփի հետ։
Լախէյի մէջ Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցաւ նաեւ Միջազգային քրէական ատեանի նախագահ Թոմոքօ Աքանէի հետ։