Երկուշաբթի 21, Ապրիլ 2025
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՆԵՑՈՒԿ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս 15 հազար ամերիկեան տոլար յատկացուցած է «Արփի» հրատարակչատան՝ պատանեկան երկու վէպերու լոյս ընծայման նպատակով։ Այս նպաստը շնորհուած է յատկապէս Քարէն Չթճեան Պրեստիի նորագոյն գործին՝ «Օտար Արան» խորագրեալ վէպին, նաեւ այլ հեղինակի մը գործին հրատարակութեան համար։
«Արփի» հրատարակչատան հիմնադիր ու գործադիր տնօրէն Արփի Գրիգորեան յայտնեց, որ այս աջակցութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառած է իրենց։ Արդարեւ, սոյն նպաստը չափազանց կարեւոր է իրենց աշխատանքի թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական խրախուսման տեսակէտէ։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2024