Ամերիկահայ Բժշկական Միութեան նոր Վարչութիւնը
Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը «Էտվենթիս» բժշկական կեդրոնին մէջ գումարեց իր կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ընտրեց իր 2015-2016 տարեշրջանի վարչութիւնը:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցաւ անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում՝ ապագայ աշխատանքներու մասին:
2015-2016 տարեշրջանի վարչութեան անդամներն են՝ Տքթ. Րաֆֆի Թաշճեան (ատենապետ), Տքթ. Արմոնտ Քոթիքեան (փոխ-ատենապետ), Տքթ. Քեւըն Գալստեան (քարտուղար), Տքթ. Սիլվա Գասպարեան (գանձապահ), Տքթ. Էվլին Պաղտասարեան-Բարխուդարեան (անդամակցութեան պատասխանատու), Տքթ. Սարինէ Վ. Մելիտոնեան (խորհրդական), Տքթ. Մանուէլ Մոմճեան (խորհրդական), Տքթ. Թադէ Վարդանեան (խորհրդական) եւ Տքթ. Լուսինէ Սիմոնեանց (խորհրդական):
Վարչութեան երեք նոր անդամներէն մէկը հանդիսացող Տքթ. Թադէ Վարդանեան 2011 թուականին արժանացած էր միութեան կրթանպաստին:
Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը ներկայիս կը ջանայ շարք մը բարեսիրական ծրագիրներ իրականացնել համայնքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի ու Արցախի տարածքին, եւ որոշած է իր այս տարուան ձեռնարկի հասոյթը տրամադրել սուրիահայ գաղթականներուն։
Աւելի քան վեց հարիւր անդամներ ունեցող Ամերիկահայ բժշկական միութիւնը կը հանդիսանայ իր տեսակին մէջ մեծագոյնը՝ սփիւռքի մէջ: