ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ՝ ԿԵՆՍԱՏՈՒ ԱՒԱԶԱՆ

Սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մի ար­հա­ւիր­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կեդ­րո­նա­կան գա­ղութ­նե­րէն՝ սու­րիա­հայ գա­ղու­թը մեծ տե­ղա­շար­ժե­րու են­թար­կուե­ցաւ: Այ­սօ­րուան դրուած­քով՝ Սու­րիան Լի­բա­նա­նի հետ միա­սին մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ա­մե­նէն բնա­կան ա­ւա­զանն է: Ա­ւա­զան ը­սե­լով պէտք է հասկ­նալ վայր մը, ուր լե­զուն եւ ա­նոր շուրջ ապ­րող, կեն­սա­ւորուող, գո­յա­ցող եւ շունչ առ­նող են­թա­կայ մար­մին­նե­րը կը գոր­ծեն: Յո­ռե­գոյն պա­րա­գա­յին կը ստեղ­ծեն մա­մուլ, ձայն, պատ­կեր, իսկ գե­րա­գոյ­նի պա­րա­գա­յին՝ ի­մա­ցա­կան նոր ար­ժէք­նե­րը կը գու­մա­րեն ե­ղած հի­նին վրայ:

Գաղտ­նիք ալ չէ, որ Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի այ­սօ­րուան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը դրա­կան նշան­ներ չ՚ուղ­ղար­կեր մօ­տիկ ա­պա­գա­յին հա­մար տե­ղի ու­նե­նա­լիք մար­դագ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով, տար­բեր լսա­րան­նե­րու, տար­բեր վեր­լու­ծող­նե­րու հա­մար Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ առ­հա­սա­րակ քրիս­տո­նեայ տար­րին ու ա­նոր մէջ նաեւ հայ քրիս­տո­նեայ տար­րին ա­պա­գան կը մնայ մեծ հար­ցա­կան­նե­րու տակ:

Նոյ­նը պի­տի ը­սեմ Լի­բա­նա­նին հա­մար, որ այ­սօր սու­րիա­հայ հա­մայն­քի կա­րե­ւոր շեր­տի մը ներ­հոս­քով դար­ձաւ ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուով ապ­րող­նե­րու հիմ­նա­կան վայր:

Մտա­հո­գու­թիւ­նը այս­տեղ միայն տե­ղի ու վայ­րի ըն­կա­լում­նե­րու եւ ապ­րում­նե­րու դաշ­տին մէջ գո­յա­ցած ըն­թացք­նե­րու թե­լին կտրուի­լը չէ, այլ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուն կրող­նե­րու, այդ լե­զուով ի­րենց կեան­քը ապ­րող­նե­րու, մշակ­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու, ա­շա­կերտ­նե­րու գո­յու­թեան շա­րու­նա­կու­թեան պահ­պա­նումն է:

Պա­տե­րա­զմը գո­ղի պէս երկ­րա­շար­ժի մեծ հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցաւ Քե­սա­պի, Լա­թա­քիոյ, Դա­մաս­կո­սի ու Հա­լէ­պի վրայ: Հա­յ գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն կը վա­րէին ի­րենց խա­ղաղ եւ բնա­կա­նոն կեան­քը՝ մեծ «ա­նակն­կա­լ­»ին դի­մաց մնա­ցին ան­շար­ժա­ցած: Ու ցարդ ա­նոնք տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով կը հա­շուեն կո­րուստ­նե­րը եւ ուր մարդ­կա­յին կեան­քի վտան­գին դի­մաց՝ լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը կը դառ­նան երկ­րոր­դա­կան:

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը այ­սօր կը մեռ­նի Ե­րե­ւա­նի մայ­թե­րուն վրայ, ա­ռանց այդ լե­զուին հա­մար (պայ­մա­նա­ւո­րուած սու­րիա­հա­յե­րուն մե­ծա­թիւ տե­ղա­շար­ժով) բնա­կան ա­ւա­զան մը ստեղ­ծե­լու ի­րա­կան ճի­գի մը ե­րե­ւու­մին:

Մե­ղադ­րանք­ներ ար­ձա­կե­լու ախ­տէն հե­ռու մնա­լով եւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ չփնտռե­լու մղու­մով պէտք է ան­պայ­ման շեշ­տադ­րել, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լե­զուն կեն­դա­նի պա­հե­լու ի­րա­կան խնդի­րը այ­սօր հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն սե­ղա­նին վրայ չէ:

Յա­ճախ կը լսուին կո­չեր ա­րեւմ­տա­հա­յեր­է­նին սի­րա­հա­րուած մնա­լու, այդ լեզուի քաղց­րու­թեան, այդ լե­զուի բե­րած հարս­տու­թեան մա­սին: Սա­կայն այդ խօս­քե­րը կը մնան զուտ ա­կա­դե­մա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, յա­ճախ Հա­յաս­տա­նի մին­չեւ օրս սո­վե­տա­շունչ ցուր­տի բե­րան տակ իր գո­յու­թիւ­նը պահ­պա­նող ա­կա­դե­միո­յ աս­տի­ճան­նե­րուն վրայ կամ սփիւռ­քի ու մշա­կոյ­թի թա­տե­րա­կան եւ յու­զում­նա­խառն ե­րե­կոյթ­նե­րու բե­մա­հար­թա­կին վրայ:

Ա­ւե­լի փայ­լուն չէ պատ­կե­րը սփիւռ­քի մէջ, ուր ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նող եւ զա­նոնք գոր­ծադ­րող մար­մին­ներ ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­ր նոյն անլր­ջու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն եր­գել «ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը ար­դէն կը մեռ­նի» ի­րենց հին ու օ­թեկ եր­գը:

Ե­թէ հի­ւանդ է լե­զուն ու պի­տի մեռ­նի (ա­պա­հո­վա­բար չէ մե­ռած), ա­պա ո՞ւր է ա­նոր հի­ւան­դու­թեան հիմ­նա­րար դար­ման տուող ընդ­հա­նուր գոր­ծըն­թա­ցը:

Լե­զուն կը նա­հան­ջէ: Ո՛չ թէ լե­զուն, այլ մենք է, որ կը նահ­անջենք:

Միւս կող­մէ, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ գոր­ծող վար­ժա­րան­նե­րը կրնան յա­ռա­ջի­կայ տա­րի­նե­րուն փա­կուիլ ու մենք հան­գիստ խիղ­ճով պի­տի դի­մա­ւո­րենք ա­նոնց զան­գե­րուն լռու­թիւ­նը ու պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր կեան­քը:

Հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի սու­րիա­հայ ու­սու­ցիչ­ներ, մշակ­ներ եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն լեզուի ու­ղե­ծի­րին մերձ ապ­րող նուի­րեալ հա­յեր այ­սօր Ե­րե­ւա­նի մէջ մնա­ցած են ան­գործ:

Մեծ­խօ­սի­կու­թիւն թող չհա­մա­րուի, ե­թէ ը­սենք, որ Սփիւռք-Հա­յաս­տան միա­ցեալ ճի­գե­րով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար ձեռք մեկ­նել այդ մար­դոց, որ­պէս­զի շարունակեն ի­րենց գոր­ծը։

Տա­կա­ւին չեմ խօ­սիր ա­մե­րի­կեան ա­փե­րուն մա­սին, ուր ե­րե­ւե­լի է մեր կրթա­րան­նե­րու հաս­ցու­ցած բեր­քին մա­կար­դա­կը ու այս խօս­քին որ­պէս վառ ա­պա­ցոյց պէտք է նշել, որ վեր­ջին տա­սը-քսան, նոյ­նիսկ ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն հնա­րա­ւոր չէ այն­տեղ գտնել առ­նուազն բնիկ հա­յա­գիր գրո­ղի մը ա­նուն:

Այս բո­լո­րը կը խօ­սին լե­զուի ա­ւա­զա­նին մա­սին:

Ին­կած ճա­հիճ­նե­րու շուրջ, պա­տե­րազմ­նե­րու, ա­րեան, բա­խում­նե­րու եւ կո­րուստ­նե­րու մէջ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յոց լեզուի ա­ւա­զա­նը այ­սօր վտան­գուած է:

Ու մտա­հո­գի­չը՝ լե­զուի վէր­քը, ա­նոր ան­կու­մը, կամ լե­զուա­մաք­րու­թեան  ան­թա­ցու­պե­րուն յե­նած կի­սամ­տա­ւո­րա­կան­նե­րուն հո­գը չէ: Այլ յա­ռա­ջի­կայ տա­սը-քսան եւ ե­րե­սուն տա­րի­նե­րուն բա­ցուե­լիք փո­սին հարցն է: Այդ փո­սը պայ­մա­նա­ւո­րուած է ա­մե­րի­կեան ա­փե­րուն հա­մար ու­սու­ցիչ, մտա­ւո­րա­կան, խմբա­գիր, գրող եւ մա­նա­ւանդ հայ մարդ ար­տադ­րող գա­ղութ­նե­րու դա­տար­կու­մով: Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գա­ղութ­նե­րը այ­սօր եւս կը խօ­սին մար­դու­ժի տագ­նա­պի մը մա­սին, այ­լեւս ո՛ւր մնաց դէ­պի ա­մե­րի­կա­ներ մար­դուժ ար­տա­հա­նե­լու խնդի­րը:

Ա­րեւմ­տա­հայ լե­զուի ա­ւա­զա­նը ան­փո­խադ­րե­լի, ան­տե­ղադ­րե­լի, ան­շարժ եւ մըշ-տա­կան ապ­րում­նե­րու հան­դի­սա­վայր է:

Մկրտա­րան մը:

Հար­ցում­նե­րու շար­քի մեր մտքե­րուն մէջ պի­տի ու­րուագ­ծուի այն հար­ցադ­րու­մը, որ այս տագ­նա­պին մէջ ար­դեօք հնա­րա­ւո՞ր է այդ ա­ւա­զա­նը կամ ա­ւա­զան­նե­րը տե­ղա­փո­խել այլ վայր:

Շատ պի­տի ու­զէի այդ ե­րա­զով ապ­րիլ:

Շատ պի­տի ու­զէի, որ ե­րէ­կուան Նոր Գիւ­ղը այ­սօ­րուան Պուրճ Հա­մու­տը, Նոր Հա­ճը­նը, կամ Ան­թի­լիա­սը (վան­քը ի նկա­տի չու­նիմ) տե­ղա­փո­խուին այլ վայր եւ հոն նոր վայ­րե­րու մէջ սկսին ապ­րիլ, շար­ժիլ, ստեղ­ծել եւ ըլ­լալ:

Դժուար ե­րազ: Տա­տա­նում­նե­րու բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րէն, մա­հէն ու սո­վէն ան­ցած մեր լե­զուի այ­սօ­րուան ի­րակա­նու­թիւ­նը նաեւ կը շե­շտադ­րէ, որ գոր­ծի փրկու­թեան ա­մե­նէն գրա­ւիչ մար­մին­նե­րը այ­սօր կը գտնուին ան­կա­րե­լիու­թեան մը առ­ջեւ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին:

Ան­գործ, դա­տարկ, ան­ցո­ղիկ եւ հնա­մե­նի լու­ծում­նե­րը կամ Հա­յաս­տա­նի եւ այլ ոս­տան­նե­րու մէջ կա­տա­րուած այս կամ այն միու­թեան կամ ա­թո­ռին հո­վա­նին խնկար­կող հան­դի­պում­նե­րը ո­չինչ պի­տի փո­խեն տուեալ ի­րա­վի­ճա­կէն:

Ա­ւե­լի՛ն, Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գա­ղութ­նե­րու այս տագ­նա­պա­հար ի­րա­վի­ճա­կով մենք հետզ­հե­տէ ա­կա­նա­տես պի­տի ըլ­լանք ա­նոր ու­սա­նո­ղու­թեան եւ ե­րի­տա­սարդ տար­րի ար­տա­գաղ­թին (կամ նոյ­նիսկ Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թին) եւ հայ­կա­կան կեան­քի տար­բեր շեր­տե­րէն հե­ռու մնա­լու նոր վի­ճա­կին:

Այս բո­լո­րին փո­խա­րէն խօսք ու­նե­ցող, ը­սե­լիք ու­նե­ցող, կամք պար­տադ­րող եւ գործ­նա­կան լու­ծում­նե­րու հա­ւա­տա­ցող մար­մին­նե­րու չգո­յու­թեան պա­րա­գա­յին, պէտք է հա­ւա­տալ ա­րեւմ­տա­հայ բա­ռին դի­մաց նա­ւար­կել փոր­ձող բո­լոր ա­ռողջ ու­ժե­րու միաս­նա­կամ հա­ւա­քու­մին:

Մեր տա­լիք լու­մա­յին փո­խա­րէն անհ­նար է ըն­դու­նիլ, անհ­նար է չհա­ւա­տալ, որ հա­յոց լե­զուի հա­մար նոր ա­ւա­զան­ներ ստեղ­ծե­լու ե­րա­զը դժբախտաբար ա­նի­րա­կա­նա­նա­լի է:

Կա­րե­ւո­րը ե­րա­զին ներ­կա­յու­թիւնն է: Ե­րազ մը, ո­րուն կեդ­րո­նա­կան դէմ­քը, ո­րուն յար­գե­լին՝ մեր աք­սո­րա­կան հո­գիի վսեմ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէնն իսկ է:

Օ­րեր ա­ռաջ լրա­տուա­կան աս­պա­րէ­զիս բե­րու­մով կար­դա­ցի Ի­րա­քի Մու­սու­լէն Թուր­քիոյ Եոզ­ղատ շրջան հա­սած հայ վար­ժա­պե­տին բարձր ա­ղա­ղա­կին մա­սին. «Գիր­քեր կ՚ու­զեմ, ին­ծի գիր­քեր ղրկե­ցէք, այս ե­րա­խա­նե­րուն հա­մար հա­յե­րէ­նի գիր­քե­րու կա­րիք կայ»։­

Եւ ի­րօք նոր աշ­խար­հագ­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր ձե­ւա­չա­փին մէջ այ­սօր ա­ւե­լի քան ո­րե­ւէ ժա­մա­նակ պէտք է այդ մա­սին նախ տես­նել ու ա­պա գործ ը­նել:

Թե­րեւս նոր ճա­կատ­ներ են Պո­լի­սը, Նի­կո­սիան, Ա­թէն­քը եւ այս գա­ղութ­նե­րուն մէջ մենք պար­տինք մշա­կել եր­կա­րա­ժա­մկէտ եւ լրջա­գոյն ծրա­գիր­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կան նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ հայ լե­զուին հան­դէպ վստա­հու­թեան, սի­րոյ եւ գրա­ւիչ դառ­նա­լու հիմ­նա­կէ­տե­րու շեշ­տադ­րու­մը:

Գրա­ւիչ պի­տի դառ­նայ մեր լե­զուն: Կայ­քե­րու, մա­մու­լի, ռա­տիո­յի ու մա­նա­ւանդ հե­ռա­տե­սի­լի ո­լորտ­նե­րուն մէջ նոր մա­տու­ցում­նե­րու եւ ձե­ւա­չա­փե­րու կա­րի­քը կայ:

Վե­րո­նշեալ­նե­րէն զատ այ­սօր նոյն­քան կա­րե­ւոր է այս խնդրին հա­մար հա­մազ­գա­յին ու­ժե­րու լա­րու­մը, քան, ը­սենք, ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ գոր­ծըն­թաց­նե­րը: Չը­սեմ ա­ւե­լի, բայց շեշ­տե՛մ, որ լե­զուի խնդի­րը միւս հար­ցե­րուն կող­քին կը գտնուի հա­ւա­սար­ազօր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ: Ու ինչ կ՚ար­ժեն այդ բո­լոր գոր­ծըն­թաց­նե­րը, երբ աք­սո­րեալ հո­գի­նե­րու լե­զուն մտնէ սեւ շի­րիմ:

Վա­հան Թէ­քէեան իր «Փո­շի Ազ­գ» (1933) բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ կը յա­րէ՝

Մէն մի ցնցում քեզ կրնայ տա­րան­ջա­տել վերջ­նա­պէս,

Աշ­խարհ չը­նէր պի­տի հոգ, հո­գը քե­զի է յու­սա.

Դի­զուէ, փո­շին լոկ այդ­պէս պի­տի նո­րէն հող քար ըլ­լայ...:

Այ­սօր մեր լե­զուն բազ­մե­րանգ ա­ւա­զա­նի կեր­պա­րանք ու­նի, յա­ճախ տարտղ­նուած, յա­ճախ տար­բեր տա­րածք­նե­րու մէջ տուայ­տող եւ սա­կայն դեռ ապ­րող:

Թէ­քէեա­նի «ազ­գի փո­շի»ին պատ­կե­րը ու ա­նոր փո­շի լե­զուն կը պատ­կա­նին մա­հուան լա­ւա­նե­րէն վե­րապ­րած սե­րուն­դի մո­հի­կան­նե­րուն:

Իսկ այ­սօ­րուան ա­ւա­զան դար­ձած, տարտղ­նուած մեր լե­զուն, մեր խօս­քին աք­սո­րա­կան հո­գի­նե­րու եր­թին կը սպա­սէ:

Հա­յոց հո­գիի աք­սո­րա­կան լե­զուն նոր ա­ւա­զա­նի պի­տի սպա­սէ ու ե­թէ մահն ու բռնա­գաղ­թը չկրցան զայն տա­պա­լել ա­պա վստահ եմ, որ գոր­ծը եւ աշ­խատա­սի­րու­թիւ­նը պի­տի ապ­րեց­նեն ու շէ­նաց­նեն ա­նոր գա­լի­քի կեն­սագ­րու­թիւ­նը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016