ՅԱՐԱՏԵՒ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Երեւան պատրաստ է շարունակել ու խորացնել համագործակցութիւնը Եւրոմիութեան հետ։ Անցեալ դիւանագիտական տարին ամփոփելու նպատակով սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան խօսեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ.
«Մենք յայտարարեցինք Եւրոմիութեան հետ բանակցութիւններու մեկնարկին մասին, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ բանակցութիւններուն առաջին փուլը։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է մինչեւ այս տարեվերջ հետագայ հանգրուաններու ժամանակացոյցին վերաբերեալ։ Կը նախապատրաստուին նոր բարձրաստիճան այցելութիւններ դէպի թէ՛ Երեւան եւ թէ Պրիւքսէլ։ Այդ բոլորի արդիւնքին կրնանք նոր պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերել եւ մեր յարաբերութիւնները յառաջ բե-րել զանազան ուղղութիւններով»։
Նալպանտեան հերթական անգամ յիշեցուց Եւրոմիութեան հետ համագործակցութիւնը շարունակելու ուղղեալ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը։ «Բան մը ա-կընյայտ է. Հայաստան բազմիցս ըսած է ու հաւատարիմ կը մնայ այն դիրքորոշման, թէ մենք պատրաստ ենք ԵՄ-ի հետ շարունակել ընթանալ յառաջ, ամրապնդել, խորացնել համագործակցութիւնը բոլոր հնարաւոր ուղղութիւններով եւ ձեւաչափերով, որով ԵՄ պատրաստ պիտի ըլլայ՝ հաշուի առնելով մեր յանձնառութիւնները այլ համարկման գործընթացներէն ներս», մատնանշեց Նալպանտեան։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նալպանտեան խօսեցաւ նաեւ Իրանի վերաբերեալ վերջին նորութիւններուն առընչութեամբ։ Ըստ իրեն, Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնն ու միջազգային գետնի վրայ սահմանուած մեծադիր պատժամիջոցներու ջնջուիլը Հայաստանի համար հարեւան-բարեկամ այս երկրի հետ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ՝ տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդման եւ ընդլայնման ճանապարհին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան այս կապակցութեամբ ըսաւ.
«Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ պայմանաւորուածութիւնները անցեալ տարուան ամենանը-շանակալի ձեռքբերումներէն էին միջազգային դիւանագիտութեան մէջ։ Ի հարկէ, մեր բարեկամ-հարեւան Իրանին վերաբերեալ կարեւոր հարցին շուրջ պայմանաւորուածութիւնը չի կրնար մեզ չուրախացնել», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, թէ հարեւան-բարեկամ եզրոյթը սոսկ խօսք մը չէ։ Իրան երկիր մըն է, ուր մեծ յարգանք կը վայելեն Հայաստանի մշակութային ժառանգութիւնն ու ստուար հայ համայնքը։ «Իրանի մէջ կը վերանորոգուին մեր եկեղեցիները, յուշարձանները, որոնք կ՚ընդգրկուին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Մեծ յարգանքով վերաբերմունք մը գոյութիւն ունի հայ համայնքին նկատմամբ։ Մեր համայնքը մշտապէս ապահով զգացած է այդ երկրին մէջ, ու սա փոխադարձ է, նոյն իրավիճակը կայ Հայաստանի մէջ», ընդգծեց Նալպանտեան եւ աւելցուց, որ երկու երկիրները շահագրգռուած են հնարաւորը ընելու համար՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները ապագային ա՛լ աւելի զարգացնելու ձգտումով։
Ըստ Նալպանտեանի, Իրան շահագրգռուած է նաեւ օր առաջ տեսնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը եւ Հայաստան բարձր կը գնահատէ իր հաւասարակշռուած ու շինիչ մօտեցումը։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Միւս կողմէ, Երեւանի եւ Պրիւքսէլի մէջ քննարկումներ կը ծաւալուին նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան շուրջ։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքիի հետ։ Կողմերը միասնաբար քննարկած են համատեղ առաջնահերթութիւնները ու կանգ առած են ԵՄ-ի կառոյցներու եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւններուն վրայ։