ՏԷ ՄԻՍԹՈՒՐԱ ԱՀԱԶԱՆԳ​ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի գծով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա Ժը­նե­ւի մէջ ձա­խո­ղած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ յայ­տա­րա­րեց, թէ կող­մե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կը պատ­րաստ չէ նուա­զա­գոյն զիջ­ում­ներ ը­նե­լու։ «Քո­րիէ­րա Տել­լա Սե­րա» թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Ժը­նե­ւի վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ոչ ոք խօ­սե­ցաւ էա­կան հար­ցե­րուն շուրջ, այլ բո­լո­րը ծան­րա­ցան ըն­թա­ցա­կար­գա­յին կազ­մա­կերպ­չա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ։ Ըստ ի­րեն, բա­րի կամ­քի ազ­դան­շան­նե­րը կը պակ­սին թէ՛ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ թէ ընդ­դի­մու­թեան կող­մէ։ Տէ Միս­թու­րա ան­հա­ւա­նա­կան չնկա­տեց Ժը­նե­ւի խորհր­դա­ժո­ղո­վին տա­պա­լուի­լը եւ այդ պա­րա­գա­յին Սու­րիան պի­տի դադ­րի գո­յու­թիւն ու­նե­նա­լէ։ Դի­ւա­նա­գէ­տը հա­մո­զուած է, որ միայն լիա­կա­տար ու ան­վե­րա­պահ հրա­դա­դա­րը թոյլ պի­տի տայ լուրջ բա­նե­րու շուրջ խօ­սե­լու, նե­րա­ռեալ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ պայ­քա­րը, նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ստեղ­ծուի­լը, ՄԱԿ-ի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուի­լը եւ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դու­նու­մը։ Ան զգու­շա­ցուց Սու­րիա­յէ ներս ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման եւ բռնու­թիւն­նե­րու սաստ­կաց­ման դէմ։ Ներ­կա­յիս բռնու­թեան ա­ճը չի նպաս­տեր մար­դա­սի­րա­կան հար­ցե­րու լուծ­ման եւ քա­ղա­քա­կան ջան­քե­րուն, երբ կը սկսի երկ­խօ­սու­թիւն մը խա­ղա­ղու­թեան շուրջ։ «Ես կը փա­փա­քիմ հա­ւա­տալ, որ Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ խթան մըն է միակ հա­ւա­նա­կան քա­ղա­քա­կան լուծ­ման հաս­նե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ չեմ կար­ծեր, որ Ռու­սաս­տան կը փա­փա­քի եր­կար ժա­մա­նա­կով թա­ղուած մնալ Սու­րիոյ հա­կա­մար­տու­թեան մէջ», ը­սաւ ան։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Սթե­ֆան տէ Միս­թու­րա տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մը օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ նաեւ Միւ­նի­խի Անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րուն նուի­րուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ։

Վեր­ջին օ­րե­րուն օ­րա­կար­գի վրայ է նաեւ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկսի­լը՝ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան հետ։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր յայտ­նեց, թէ Պրիւք­սէ­լի մէջ յա­ջորդ շա­բաթ նա­խա­տե­սուած ժո­ղո­վի մը ըն­թաց­քին այս նիւ­թը Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ի­րա­ւա­սու­նե­րուն հետ քննար­կե­լու հա­մար ան­համ­բեր է։ «Տը Կար­տիըն» անգ­լիա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր թերթն ալ այս կա­պակ­ցու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց, որ Ռիա­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Սու­րիա զօրք մտցնե­լու ծրա­գի­րը կը հա­մա­կար­գէ Ան­գա­րա­յի հետ։ Կարգ մը մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­ներ կը հա­ղոր­դեն, որ նման պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն մը ձեռք բե­րուած է Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի Սու­րիա կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին։

Սու­րիոյ բա­նա­կը ներ­կա­յիս կը ձգտի Հա­լէ­պի պա­րա­գա­յին պա­շա­րել ընդ­դի­մու­թիւ­նը։ ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկն ալ յայտ­նեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը կա­ցի­նա­հա­րեն Սու­րիոյ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Սթոլ­թեն­պերկ ե­րէկ Ամս­թեր­տա­մի մէջ քննար­կեց վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ Եւ­րո­միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ան­պաշ­տօն ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2016