ՔԱՐԱՍԻՆ ԵՒ ԶԱԼՊԷՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին եւ Եւրոմիութեան Վրաստանի ճգնաժամի եւ Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպէր անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Քարասին-Զալպէր տեսակցութիւնը, որու ընթացքին Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային իրադրութեան քննարկման ամբողջին մէջ արծարծուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ խնդիրները։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Հարաւային Կովկասի կացութիւնը միջազգային բարդ իրադրութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանի պետութիւններուն տեսակէտէ անվտանգութեան ու կայունութեան սպառնալիքներու համատեսքին մէջ։
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամագրով՝ յետմահու «Մարտական ծառայութիւն» մետայլով պարգեւատրուեցաւ 20-ամեայ զինուոր Սիմոն Ճաւրշեան, որ նախընթաց օր նահատակուած էր շփման գծին վրայ։