Հայկական Գինիները «Փրոտ Էքսփօ-2017»ին
Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ Փետրուարի 6-10 թուականներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ կայանալիք «Փրոտ Էքսփօ-2017» միջազգային ցուցահանդէսին, մէկ միասնական տաղաւարով պիտի մասնակցին տասներկու հայկական գինեգործական ընկերութիւններ, որոնք պիտի ներկայացնեն աւելի քան յիսուն տեսակ հանգիստ եւ փրփրուն գինի:
Ցուցահանդէսին մասնակցութեան հիմնական նպատակն է՝ արտերկրեայ գնորդին ներկայացնել հայկական գինին եւ ընդլայնել սպառման շուկաները:
Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն յայտնուած տեղեկութիւններով՝ «Փրոտ Էքսփօ-2017» ցուցահանդէսը մէկ յարկի տակ կը հիւրընկալէ արտադրողները, խոշոր եւ մանրածախ գնորդները, վերամշակման համար անհրաժեշտ հումք եւ սարքեր արտադրողները, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնէ նոր գործարար կապեր հիմնելու, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու վերամշակման նորագոյն ճարտարագիտութիւններուն եւ համաշխարհային շուկաններու հիմնական միտումներուն: