ՃՈՐՃ ՔԼՈՒՆԻՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ «ՍԵԶԱՐ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Հո­լի­վու­տեան յայտ­նի դե­րա­սան Ճորճ Քլու­նի Փետ­րուա­րի 24-ին կը ստա­նայ պա­տուա­ւոր «Սե­զար»  շար­ժան­կա­րի մրցա­նա­կը։ Այս ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցած է Ֆրան­սա­յի Շար­ժան­կա­րի ա­կա­դե­միան:

Ա­կա­դե­միոյ ան­դամ­նե­րու ընտ­րած են Քլու­նին՝ ա­նոր դե­րա­սա­նա­կան, բե­մադ­րա­կան, ար­տադ­րա­կան աշ­խա­տան­քի, ինչ­պէս նաեւ «ա­րուես­տա­գի­տա­կան եւ հո­գե­ւոր վե­հու­թեան» հա­մար:

Ա­կա­դեմիան ընդգ­ծած է, որ Քլու­նին իր սե­րուն­դի ա­մե­նահ­մա­յիչ դե­րա­սանն է, որ կ՚ար­տա­ցո­լաց­նէ հո­լի­վու­տեան գրաւ­չու­թիւ­նը, իսկ ա­նոր ա­նու­նը յա­ւերժ կը մնայ ա­ռաս­պե­լա­կան դե­րա­սան­նե­րու պան­թէո­նին մէջ:

Միւս կող­մէ, նա­խորդ տա­րի­նե­րուն «Սե­զար» մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցած են Մայ­քըլ Տակ­լըս, Շոն Փեն, Քէյթ Ո­ւինս­լէթ, Քուեն­թին Թա­րան­թի­նօ:

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2017