Քայլերթ՝ Ս. Սարգիսի Տօնին Առթիւ
«Սիրոյ եւ երիտասարդութեան տօնի առթիւ Փետրուարի 11-ին Արարատեան Հայրապետական Թեմը՝ առանց տարիքային սահմանափակման, կը հրաւիրէ բոլորը մեծ շուքով նշելու Սուրբ Սարգիսի տօնը, որպէսզի Երեւանը զարդարուի սիրոյ հայկական երանգներով», այս մասին կը տեղեկացնէ Qahana.am-ը՝ իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
Փետրուար 11-ին՝ ժամը 10.30-ին, Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ Արարատեան Հայրապետական Թեմի՝ սուրբի անունը կրող երեք եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցանուի Ս. Պատարագ եւ պիտի կատարուի երիտասարդներու օրհնութեան յատուկ կարգ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցի պիտի բերուի սուրբի մասունքակիր աջը եւ 17-րդ դարուն այս եկեղեցւոյ մէջ ընդօրինակուած ձեռագիր Աւետարանը:
Ս. Պատարագի աւարտին Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի նախագահութեամբ պիտի օրհնուին եւ կը պարգեւատրուին առաջնագիծին վրայ ծառայութեան ընթացքին առաւել աչքի ինկած զինուորները:
Ժամը 14.30-ին՝ Ս. Պատարագի աւարտին, առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մօտ միանալ աւանդական խաչերթին՝ դէպի Սիրահարներու պուրակ:
ժամը 15.30-ին՝ Սիրահարներու պուրակին մէջ տեղի պիտի ունենայ աւանդական մեծ տօնական համերգ: Չմոռնաք ձեր սիրելի մարդոց ըսել ամենակարեւորը՝ «Կը սիրեմ ձեզ»:
Ս. Սարգիսի տօնակատարութիւնը կ՚իրականացուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանիին ներքոյ:
Այս տօնակատարութեան կարգախօսն է՝ «Սիրոյ ուժն է անյաղթ»: