ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Շարլ Միշել քննարկեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին առաւել զարգացնել ապագայ համագործակցութիւնը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական կապերը։ Առանցքային քննարկման առարկայ դարձաւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը։ Շարլ Միշել նշեց, որ կը կարեւորէ Հայաստանի որդեգրած բարեփոխումներու ճանապարհը։
Զրոյցի տեւողութեան Փաշինեան եւ Միշել կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ յառաջիկայ յունիսին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովէն իրարու սպասումներուն շուրջ։