ԻՏԼԻՊԻ ՀԱՐՑԸ ԿՐՆԱՅ ԼՈՒԾՈՒԻԼ ՄԻԱՅՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ
Սուրիոյ մէջ ռազմական իրավիճակը դարձեալ խառն է։
Երկրի բանակը, որ կը փորձէր սրընթաց կերպով հասնիլ Իտլիպ, կարծես թէ փոխած է իր ռազմավարութիւնը եւ գալիք փուլին համար պիտի գոհանայ ապահովելով՝ Դամասկոս-Հալէպ եւ Լաթաքիա-Հալէպ ճանապարհներուն վերաբացումը։
Խնդիրը այն է, որ Իտլիպի հարցին լուծումը կը կարօտի նաեւ քաղաքական յստակ ծրագրի եւ համաձայնութեան ու այս առումով աւելի քան յստակ է, որ վերջին ժամանակներուն Սուրիոյ մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող Ռուսաստանը եւս երբեք պիտի չուզէ նեղ կացութեան մատնել իր գործընկեր Անգարան։
Եթէ փորձենք աւելի մանրամասն նկարագրում մը կատարել եւ պատկերը ամբողջական դարձնելու ճիգ մը գործադրելով՝ խօսիլ զինուորական ընդհանուր պատկերին մասին, ապա պիտի նշմարենք, որ հակառակ սուրիական բանակին վերջին օրերուն ունեցած երեւելի յառաջխաղացումներուն, այդ բանակը երէկ ապրեցաւ բաւականին դժուարին պահեր։ Խօսք կը վերաբերի ծաւալուած մարտերուն Սարաղէպ գաւառակին շուրջ, ուր սուրիական բանակը մուտք գործեց եւ ապա քանի մը ժամէն ստիպուեցաւ դարձեալ դուրս գալ ռազմականօրէն բաւական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող գաւառակէն։
Օրեր առաջ բանակը կարողացած էր ազատագրել (շատ հաւանական է, որ այդ քայլերը եղան շնորհիւ Անգարայի կանաչ լոյսին, որովհետեւ նոյնիսկ սուրիացի վերլուծաբաններ զարմանք արտայայտեցին բանակին ունեցած յաջողութիւններուն առընթեր, նշելով նաեւ, որ Մաարաթ ալ Նըհման քաղաքին եւ անոր շուրջ գտնուող գիւղերուն արմատական զինեալներէ ազատագրման ժամկէտները շատ նեղ էին ու կարճ։) ու իր տիրապետութեան տակ առնել Մաարաթ ալ Նըհման քաղաքը, որ այդ շրջանին մէջ երկու այլ շրջաններու՝ Սարաղէպի եւ Զըրպէի կողքին կը համարուէր «Էմ ֆայվ» յայտնի Դամասկոս-Հալէպ ցամաքային ճանապարհը վերաբանալու հիմնական գրաւականը։
Այդ քայլէն ետք, այսինքն համարեայ այն կէտէն ետք, որ կը խօսէր «Էմ ֆայվ» ճանապարհի ազատագրութեան մասին, Սուրիոյ բանակը մէկդի դնելով իր ծրագիրը փորձեց նոր ուղղութիւն մը տալ իր զօրքերուն եւ քալել դէպի... Իտլիպ. հոն էր, որ բախեցաւ Անգարայի դժգոհութեան ու այնտեղ էր նաեւ, որ մենք նկատեցին, թէ սուրիական կրակներով զոհուած Թուրքիոյ բանակի ութ զինուորներու հարցը խնդիրը տարաւ դէպի յաւելեալ բարդութիւն։
Ստեղծուած իրավիճակին շատ արագ հակազդեց Անգարան եւ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները արագօրէն լրատուութիւն կատարելով յայտարարեցին, որ թրքական բանակը հարուածած է սուրիական բանակի տասնեակ դիրքեր, մինչ նոյն առումով սուրիական լրատուական ծառայութիւններ նախընտրեցին լռութիւն պահել Անգարայի հարուածներուն մասին։
Հիմա յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ բանակը պիտի փորձէ վերամշակել իր ծրագիրները եւ հետեւիլ Մոսկուայէն հասնող թելադրանքներուն։
Նոյն գիծին վրայ եւ ինչպէս խորագրիս մէջ ալ նշած եմ, աւելի քան յստակ է, որ Իտլիպի հարցը երբեք պիտի չդառնայ այն մեխը, որ պիտի կարողանայ պղտորել Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները։
Այդ մասին նաեւ ակնարկած է նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, յիշեցնելով նաեւ, որ Սուրիան Թուրքիոյ բանակին համար յաւիտենապէս մնալու վայր մը չէ եւ Անգարայի քայլերը պայմանաւորուած են կարեւոր զարգացումներով ու պայմաններով։
Այս բոլորէն անդին, աւելի քան յստակ է, որ մենք տակաւին հեռու ենք Իտլիպի խնդրի ամբողջական լուծումէն, այնքան ժամանակ, երբ խնդրին մասին ցարդ յստակ պատկերացումներ չկան ո՛չ Մոսկուայի, ո՛չ Անգարայի եւ հետեւաբար, ոչ ալ Դամասկոսի համար։
Իտլիպի խնդրին լուծումը ինքնանպատակ չի կրնար ըլլալ եւ ան պայմանաւորուած է ընդհանուր լուծումներու մեծ ծրագրով մը, որուն համար դեռ որոշ ժամանակի կարիքը կայ։
Խնդրին հայկական անկիւնէ նայելով հարկ է ըսել, որ Իտլիպի դէպքերը իրենց ծանր ազդեցութիւնը կը թողուն յատկապէս հայկական շունչ ունեցող Հալէպին վրայ, ուր առկայ տնտեսական դժուարութիւնները, Հալէպի մասամբ աշխարհէն կտրուած ըլլալու դրոյթը եւ մերթ ընդ մերթ արմատականներու Հալէպի խաղաղ բնակչութեան շրջանները հարուածելու միտումներն ու գործողութիւնները Հալէպը դարձուցած են խոցելի։
Ճիշդ է, որ այսօր Հալէպի մէջ խուճապ չկայ, սակայն եղած դէպքերը, ինչպիսի էր օրինակ՝ երէկ գիշեր Սարաղէպի մէջ զոհուած Սուրիոյ բանակի հայ զինծառայող՝ Ժան Քեթենճեանին սպանութեան բօթը, խորապէս ցնցեց հալէպահայութիւնը։
Ատենի մը, երբ Հալէպի մեր հայրենակիցները սկսած են հաւատալ, թէ պատերազմը արդէն իրենց ետին է, նման դէպքեր կու գան ամպոտել Հալէպի երկինքը, որուն պայծառութիւնը եւ ամբողջական ու լիարժէք խաղաղութիւնը կարծես թէ «սարերու ետին չէ»։
Ամէն պարագայի սպասենք աւելի պայծառ օրերու։
Այսօր Հալէպի մէջ հայութիւնը տխուր է, սակայն լիայոյս, որ սուրիական թնճուկի լուծումը պիտի կայացուի նաեւ քաղաքական ճանապարհներով։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
*
ՄԻՆՉԵՒ ԱՄՍԱՎԵՐՋ
Իտլիպի մէջ նախընթաց օր նահատակուած ութ թուրք զինուորներու պարագան անկիւնադարձի մը վերածուած է Թուրքիոյ տեսակէտէ՝ Սուրիոյ տագնապի եւ կարգաւորման հեռանկարներու ընկալման տեսակէտէ։ Անգարա ներկայիս շատ աւելի խստապահանջ դարձած է Դամասկոսի հանդէպ։ Սուրիոյ բանակին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով թուրք զինուորներու նահատակուած ըլլալը վճռական քայլերու կը մղէ թրքական կողմը՝ այն աստիճան, որ Թուրքիա մինչեւ ամսավերջ ժամկէտ սահմանած է Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի համար՝ շօշափելի քայլերու ակնկալութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ մանրամասնութիւններ հաղորդեց Սուրիոյ տագնապի պարագային Թուրքիոյ նոր մօտեցումներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ զօրքերը մինչեւ ամսավերջ պէտք է ետ քաշուին՝ այդ երկրի տարածքէն ներս թրքական զօրքերու դիտարկման յենակէտներու գտնուած շրջաններէն։ Արդարեւ, թուրք զինուորները ծրագրաւորեալ յարձակումի մը ենթարկուեցան։ Այլապէս, եթէ Սուրիոյ զօրքերը ետ չքաշուին, ապա Թուրքիա պիտի պարտաւորուի սեփական միջոցներով այդ գործը տեսնել։ «Մենք չենք կրնար թոյլատրել, որ ամէն ինչ նոյն ձեւով շարունակուի վայրի մը մէջ, ուր թուրք զինուորներու արիւնը հոսած է։ Ինչպէս որ վարչախումբը ընդդիմադիր խմբաւորումներու դոյզն իսկ ոտնձգութիւններուն կը փոխադարձէ, այսուհետեւ վարչախումբի ոտնձգութիւններն ալ պիտի գտնեն իրենց պատասխանը՝ իր ռազմական տարրերուն ուղղեալ», ըսաւ նախագահ Էրտողան։
Բաց աստի, նախագահը յիշեցուց, որ Թուրքիա քմահաճօրէն չի գտնուիր Սուրիոյ մէջ եւ այնտեղ իր ներկայութիւնը պայմանաւորուած չէ պարզ շահու հաշիւներով։ Թուրքիա այնտեղ կը գտնուի Ատանայի պայմանաւոր-ւածութեան վրայ։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախագահը ընդգծեց, որ առանց Ռուսաստանի կամքին Սուրիոյ մէջ քար մը չի շարժիր իր տեղէն։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը շարունակեն գործողութիւններ իրականացնել Իտլիպի մէջ, իսկ ժողովուրդը կը նախընտրէ գիշերուան ժամերուն գաղթել՝ մութին մէջ օդանաւերէն աւելի լաւ պաշտպանուելու յոյսով։