Կիրակի 22, Դեկտեմբեր 2024
ՈԼՈՐՏԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Երաժշտական յառաջացած ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի (MİAM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ հոգելոյս երգահան ու յօրինող Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած երաժշտական օրերու ծրագիրը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Աշխատանոցներու ձեւաչափով կազմակերպուած քննարկումները կը կազմեն այս ձեռնարկին առանցքը։ Երէկ կազմակերպուած աշխատանոցը վարեց Ահմէտ Ուլուղ։ Քննարկման ատենախօսներն էին՝ Հաքան Քուրշուն, Օզան Պայրաշա, Չաղտաշ Քուրտօղլու, Ահմէտ Չելենք եւ Ֆուաթ Էրկին։
Մասնագիտական այս աշխատանոցին ժամանակ ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ երաժշտական ոլորտը։ Բնագաւառէն զանազան գործիչներ եւս ներգրաւուեցան կարծիքի փոխանակումներուն, որոնց ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ առկայ հարցերու լուծման հեռանկարներուն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020