ԹՈՒԱԿԱՆԸ Ի ՎԵՐՋՈՅ ՃՇԴՈՒԵՑԱՒ

Ֆրան­սա­կան «Carrefour» հան­րա­խա­նութ­նե­րու ցան­ցը ի վեր­ջոյ կը հաս­տա­տէ իր մաս­նա­ճիւ­ղը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քը եր­կար ժա­մա­նակ զբա­ղե­ցու­ցած խնդիր մը ե­ղած է այս մէ­կը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ներ­կա­յիս ի վեր­ջոյ յայտ­նի դար­ձած է, թէ «Carrefour»ի Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը պի­տի կատարուի 11 Մարտ 2015 թուա­կա­նին։ Հա­յաս­տա­նի «Carrefour»ը պի­տի գոր­ծէ «Ե­րե­ւան Մոլ» ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի հա­մա­լի­րէն ներս։

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2015