ԼԻԹՎԱ ԵՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՋԱԿԻՑ
Լիթվայի Արդարադատութեան նախարար Եուոզաս Պեռնատոնիս երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իր պաշտօնակիցը։ Երկու նախարարները ծաւալեցին քննարկումներ, ստորագրեցին արդարադատութեան բնագաւառէն ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ համաձայնագիր մը։ Անոնք նաեւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Պեռնատոնիս զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս իր երկիրը կ՚աջակցի Հայաստանին։