BİR İSTANBUL MASALI

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան ներկայիս դարձեալ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Հայաստանեան լրասփիւռներուն վրայ եւս արձագանգ գտած է պատրիարքին հերթական առեղծուածային այցելութիւնը, որու ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ պատրիարքութեան կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։

Սրբոց Յակոբեանց վանքի երբեմնի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը հետապնդելու պատրուակով տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։ Նուրհան պատրիարք երկար ժամանակէ ի վեր Թուրքիոյ մէջ փաստաբաններու եւ այլ շրջանակներու հետ շփման մէջ է Երուսաղէմի Պատրիարքութեան քաղաքիս երբեմնի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու առաջադրութեամբ։ Այս նպատակը որքան որ դրական ըլլայ, պատրիարքին կողմէ որդեգրուած հետապնդման ճանապարհը ծայր աստիճան խնդրայարոյց է։ Արդարեւ, ցայսօր այս կապակցութեամբ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կողմէ պաշտօնական որեւէ լուսաբանութիւն չէ տրուած հանրային կարծիքին։ Ցայսօր մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած է, որ նոյնիսկ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներուն կողմէ միանշանակ չ՚ընկալուիր ու կասկածով կը դիտարկուի պատրիարքին այս քայլերը։ Արդարեւ, խօսքը մէկ կողմէ կը վերաբերի Երուսաղէմի երբեմնի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման, միւս կողմէ զուգահեռաբար օրակարգի վրայ է պատրիարքի կողմէ անոնց վաճառման հաւանականութիւնը։ Այս վարկածը, բնականաբար, զարմանալի չէ բոլոր անոնց համար, որոնք քիչ թէ շատ հաղորդ են Երուսաղէմի իրականութեան։

Նուրհան պատրիարքի կողմէ առերեւոյթ հետապնդուած նպատակը ստուերի տակ կը մնայ նաեւ իր իջեւանման պայմաններով։ Արդարեւ, ան այս անգամ եւս Գուրուչէշմէի մէջ, Վոսփորի գեղատեսիլ միջավայրով «Լէ զ՚օթոման» պանդոկի երդիքին տակ է։ Սա աշխատանքային այցելութենէ մը աւելի՝ անխուսափելիօրէն կը յառաջացնէ զբօսանքի մը տպաւորութիւնը։ Այսինքն, Նուրհան պատրիարք Իսթանպուլի «քէֆ»ը կը փորձէ թաքցնել կալուածներու հարցի ետին եւ կ՚ապրի «Bir İstanbul masalı»էն պահեր մեր քաղաքին մէջ։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած տխուր նախընթացին, ան մեր քաղաքին մէջ կը պտտի Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն մէկուն անձնական ինքնաշարժով։ Կարճ խօսքով, հազար վկայ պէտք է, համոզուելու համար, թէ Երուսաղէմի պատրիարքը աշխատանքային այցելութեամբ եկած է Պոլիս։

Այսօր յետմիջօրէին Նուրհան պատրիարք կ՚այցելէ Գումգաբու։ Պատրիարքարանի մէջ ան կը հիւրընկալուի Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Անտարակոյս, իրականութեան մէջ առերեւոյթ այս ուղեւորութեան ընթացքին Պատրիարքարանը պէտք է ըլլար հիւր պատրիարքին կեցութեան վայրը։ Մէկ շաբթուան կեցութեան ընթացքին Նուրհան պատրիարքին կ՚ուղեկցի Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ինչպէս որ եղած է մօտաւոր անցեալին։

Երեքշաբթի, Մարտ 6, 2018