ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵՄ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԱԹ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐԷ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ

Յառաջիկայ շաբթուան տեւողութեան Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Այս խորհուրդը Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ որոշումներ կայացնելու համար ամենաբարձր մակարդակի մարմինն է։ 15 մարտին նախատեսուած է նիստը, որու ընթացքին Թուրքիան պիտի ներկայացնէ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։ Եւրոպական կողմը պիտի ներկայացնէ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ ան-վըտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի։ Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման ու հարեւանութեան քաղաքականութեան կոմիսար Եոհաննէս Հան։

Հարկ է նշել, որ կողմերու միջեւ վերջին անգամ 18 մայիս 2015 թուականին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած էր Գործընկերութեան խորհուրդի ժողովը։ Այդ 53-րդ նիստէն ի վեր, մօտաւորապէս չորս տարուայ ընդհատումէ մը վերջ տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբթուան ժողովը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Ծաւալուն ձեւով պիտի արժեւորուի Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները։ Այս  ամբողջին մաս պիտի կազմեն վիզաներու ազատականացումը, Մաքսային միութեան այժմէականացումը, անդամակցութեան գործընթացի ներկայ փուլը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մէջ համագործակցութիւնը եւ այլ նիւթեր։

Գործընկերութեան խորհուրդի նախորդելիք երկու օրերուն Մեւլիւտ Չավուշօղլու Պրիւքսելի մէջ պիտի մասնակցի նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ նախատեսուած խորհրդաժողովի մը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019