ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՐՈՒԱԳԾԵՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նախկին ամերիկացի համանախագահներէն Ճէյմս Ուորլիք վերջերս յայտարարութիւններ ըրաւ «Ամերիկայի ձայն» ռատիօկայանին։ Այս հարցազրոյցին մէջ ան անդրադարձաւ Լեռնային Ղա-րաբաղի հիմնախնդրին ու մատնանշեց, որ հակամարտութեան կարգաւորումը կ՚ենթադրէ ոչ թէ մէկ, այլ քանի մը պայմանագրի ստորագրումը։

Վերջին օրերուն Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահներէն Ռիչըրտ Հակլընտ հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով, որոնց յաջորդեցին նաեւ անցեալին նոյն պաշտօնը զբա-ղեցուցած Ճէյմս Ուորլիքի խօսքերը։ Երկու դիւանագէտներն ալ խօսեցան «Լաւրովի ծրագիր»ի մասին։ Այսինքն, սա Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման համար տարուած աշխատանքի հիման վրայ պատրաստուած ծրագիր մըն է։ Ըստ որոշ մասնագէտներու, ներկայիս այդ մէկը կը գտնուի սեղանի վրայ։ Թէ ի՞նչ տարրեր կը բովանդակէ այդ մէկը եւ ընդհանուր առմամբ ինչպէ՞ս յայտնուած է. այս բոլորին կապակցութեամբ Ճէյմս Ուորլիք ըսած է հետեւեալը.

«Ես կը նախընտրեմ չօգ-տագործել «Լաւրովի ծրագիր» անուանումը։ Այն ժամանակ, երբ համանախագահը ես էի, մենք կ՚աշխատէինք Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի հետ եւ կը քննարկէինք անոր բաղադրիչ մասերու մշակման ընթացքը։ Նախարար Լաւրով կը հասկնայ այս հակամարտութիւնը։ Մենք չենք խօսիր պարզապէս այն գաղափարներուն մասին, որոնք նախապէս առաջարկուած էին՝ որպէս այսպէս կոչուած հիմնարար սկզբունքներ, թէեւ անոնք կը շարունակեն մնալ կարգաւորման որեւէ տարբերակի բաղադրիչները։ Խօսքը այն մասին է, զոր մենք մշակած ենք, գոնէ երբ ես էի համանախագահ, շարք մը բաղադրիչներ, պայմանագրեր, յոգնակի տեսքով, որոնք պէտք է կնքուէին հակամարտ կողմերու միջեւ։ Խօսքը պարզապէս սեղանի շուրջ նստելու եւ փաստաթուղթ մը ստորագրելու մասին չէ, այլ համապարփակ մօտեցման մասին է, ինչ որ կը նախատեսէ բոլոր կողմերու շահերը։ Յոյս ունիմ, թէ սա կրնայ ըլլալ բանակցային սեղանի վրայ, երբ Ատըր-պէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը հանդիպին։ Անոնք բոլոր հարցերը մեր հանդիպման ընթացքին պիտի չկարգաւորեն, սակայն, սա է ուղղութիւնը, որով անհրաժեշտ է ընթանալ»։

Ըստ Ճէյմս Ուորլիքի այս հակամարտութիւնը կը շարունակէ մնալ հարց մը, որու պարագային Ռուսաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա կը շարունակեն սերտօրէն միասին աշխատիլ՝ յանուն խաղաղութեան ընդհանուր շահին։ Նոյնիսկ այսօր, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ շատ թունաւոր յարաբերութիւններու պայմաններուն ներքեւ, որոնք կ՚ազդեն բազմաթիւ ոլորտներու վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցին մէջ մենք կը շարունակենք աշխատիլ սերտօրէն եւ արդիւնաւէտ։ «Ու թէեւ ես այլեւս համանախագահութեան գործընթացին մասնակից չեմ, նոյնիսկ որպէս կողմնակի դիտորդ կարելի է տեսնել, որ այս ոլորտին մէջ մենք ընդհանուր նպատակներ ունինք։ Ուստի, կը յուսամ, թէ նախարար Լաւրով կը շարունակէ աշխոյժ դեր խաղալ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան եւ ֆրանսական կողմերը։ Յոյս ունիմ, թէ մենք կը շարունակենք ջանքերը եւ բեկում կ՚արձանագրենք», նշեց Ուորլիք։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան ամերիկացի դիւանագէտը ընդգծած է նաեւ հետեւեալը. «Տեսէ՛ք, այս հակամարտութիւնը կը շարունակուի չափէն աւելի երկար։ Ան պիտի չդառնայ աւելի թեթեւ եւ խաղաղութեան համար այսօրուանէն աւելի լաւ ժամանակ մը պիտի չըլլայ։ Ինչո՞ւ հիմա յառաջ չշարժուինք։ Երկու տարի անց, կամ երեք, հինգ, տասն տարի անց ան միայն աւելի պիտի բարդանայ եւ բախման ռիսքը պիտի աւելնայ։ Այժմ մենք շփման գծի վրայ ունինք համեմատաբար հանդարտ շրջան մը։ Երկիրներու առաջնորդները կարծես, թէ պատրաստ են յառաջ շարժուիլ այս գործընթացին մէջ։ Ե՞րբ պիտի ըլլայ աւելի լաւ ժամանակ։ Այժմ իսկական ժամանակն է այս բանին համար։ Իրականութեան մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներն իսկ պէտք է ստիպեն սեփական առաջնորդները՝ այս գործընթացը կարգաւորելու։ Արդեօք դուք կը փափաքի՞ք, որ հայերու եւս մէկ սերունդ ապրի այս ամպի տակ։ Անշուշտ՝ ոչ։ Նոյնն ալ Ատրպէյճանի պարագային. արդեօք դուք կը կարծէ՞ք, թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդը կը փափաքի այս խնդիրը փոխանցել սերունդ մը եւս։ Անշուշտ՝ ոչ։ Այս շարունակուող դէպքերը շփման գծին վրայ, շարունակուող հակամարտութեան տնտեսական հետեւանքները… Իմ կոչն է ոչ թէ պարզապէս առաջնորդներուն, այլեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն. այժմ ժամանակն է կարգաւորելու այս հարցը եւ կարգաւորման ուրուագծերը յայտնի են ու սեղանի վրայ են։ Անոնք կրնան քննարկուիլ եւ յառաջ քաշուիլ»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2019