«FINTECH360 YEREVAN» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ
Երեւանի մէջ ապրիլի 28-30 թուականներուն տեղի պիտի ունենայ «FINTECH360 YEREVAN» միջազգային համաժողովը: Անիկա պիտի իրագործուի Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան, Unibank-ի եւ Unistream դրամական փոխանցումներու համակարգին աջակցութեամբ:
«FINTECH360 YEREVAN»ի ընթացքին, դրամատուներու, դրամական փոխանցումներու եւ վճարային համակարգերու, IT ընկերութիւններու, սթարթափներու ղեկավարները պիտի քննարկեն, թէ ինչպէ՛ս նոր արհեստագիտութիւնները պիտի օգնեն գործարարութեան յառաջախաղացումին եւ զարգացումին:
Օրակարգի կարեւոր նիւթերն են՝
- Ելեւմտական կազմակերպութիւններու յաճախորդներու վարքագիծային յատկանիշները,
- Ինչպէ՞ս բարձրացնել յաճախորդներու հաւատարմութիւնը սուր մրցակցային պայմաններու ժամանակ,
- Big Data-ն ելեւմտական շուկայագիտութեան մէջ,
- Արհեստական բանականութիւնը ինչպէ՞ս կ՚օգնէ բարձրացնելու վտանգի կառավարման արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնելու ծախսերը,
- Գերանվտանգութիւնը թուային դարաշրջանին,
- RegTech եւ համապատասխանութեան վտանգներու արդիւնաւէտ կառավարում,
- Կարգաւորում եւ նորարարական արհեստագիտութիւնները ելեւմտական մարզէն ներս:
Քննարկումները եւ կլոր սեղանները համաժողովի մասնակիցներուն կարելիութիւն պիտի ստեղծեն, փոխանակումի փորձով, ընդլայնելու գործարար կապերու շրջանակը եւ ձեռք բերելու նոր գործընկերներ:
«FINTECH360 YEREVAN»ը տեղի պիտի ունենայ Holiday Inn Yerevan Republic Square հիւրանոցի դահլիճին, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան Դիլիջանի ուսումնական հետազօտական կեդրոնին մէջ:
Մասնակիցներուն կը սպասուի ո՛չ միայն բաւարար գործարարական օրակարգ, այլեւ՝ անմոռանալի մշակութային ծրագիր: Հայաստան այցելութիւնը պիտի յիշուի Գեղարդ, Գառնի, Դիլիջան եւ Սեւանայ լիճ հետաքրքրական այցելութիւններով: