ԴՈՒԻՆ ՀՆԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Դուին հնավայրին մէջ կը կառուցուի թանգարան մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն 2020 թուականին կը նախատեսէ Հայաստանի Արարատի մարզի Դուին հնավայրին մէջ կառուցել թանգարան մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ տեղեկացուց Հայաստանի Արարատի մարզպետ Գարիկ Սարգսեան:

«Թանգարանը պիտի ըլլայ Դուին հնավայրի հատուածին մէջ, քանի որ այնտեղ բազմաթիւ գտածօներ կան, պատմամշակութային արժէք ներկայացնող ցուցանմոյշներ: Անոնք կը գտնուին բաց երկնքի տակ, եւ վնասուելու հաւանականութիւնը մեծ է: Թանգարան կառուցելը դեռ վաղուց նախատեսուած էր եւ այն այս տարի կեանքի կը կոչուի», ըսաւ Գարիկ Սարգսեան:

Անոր խօսքով՝ այս պահուն կ՚ընթանան նաեւ Խոր Վիրապ վանական համալիրի ինքնաշարժակայանատեղիի եւ աստիճանավանդակի կառուցման աշխատանքները: Կը նախատեսուի նաեւ հիմնանորոգել դէպի Խոր Վիրապ տանող 1 քիլօմեթր երկարութեամբ ճանապարհահատուածը:

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2020