Ի ՎԵՐՋՈՅ ՀՐԱԴԱԴԱՐ
Սուրիոյ տագնապի մթնոլորտին մէջ Իտլիպի շուրջ ստեղծուած անհաւատալի կացութիւնը երէկ կառավարելի հունի մը մէջ մտաւ եւ այս օրուան սկիզբին, ժամը՝ 01.00-ին ի վերջոյ հաստատուեցաւ հրադադար մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացաւ՝ Իտլիպի տագնապալի կացութեան վերջ տալու ուղղութեամբ։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այցելեց Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Երկու ղեկավարները Քրեմլինի պալատի երդիքին տակ բանակցութիւններ վարեցին շուրջ 6 ժամ՝ իրենց հետ ունենալով բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Էրտողան եւ Փութին աւելի վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուցին, որ Իտլիպի պարագային համաձայնած են հրադադար մը հաստատելու ուղղութեամբ։ Կողմերը համատեղ փաստաթուղթ մը պատրաստեցին եւ այդ մէկը նախագահներու ներկայութեամբ, հանդիսաւոր պայմաններով ստորագրուեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Այս փաստաթուղթի հիման վրայ կէսգիշերին արդէն հաստատուեցաւ հրադադար։ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ M4 ցամաքուղիի հիւսիսին եւ հարաւին վեցական քիլօմեթր խորութեամբ տարածքէ մը ներս ստեղծել անվտանգ գօտի։ Թրքական եւ ռուսական կողմերը այդ ցամաքուղիի մէկ հատուածէն ներս նաեւ համատեղ հերթապահութիւն պիտի իրականացնեն։ Երկու երկիրները կրկնեցին իրենց յանձնառութիւնը ահաբեկչութեան բոլոր դրսեւորումներուն դէմ պայքարելու ուղղութեամբ։ Փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ Սուրիոյ տագնապը չի կրնար ռազմական լուծում մը ունենալ եւ այն կրնայ կարգաւորուիլ միմիայն սուրիացիներու գլխաւորութեամբ յառաջ տարուելիք քաղաքական գործընթացի մը շնորհիւ։ Փաստաթուղթը կ՚ընդգրկէ նաեւ զանազան երեսակներ՝ մարդասիրական ճգնաժամի կանխարգիլման, քաղաքային ժողովուրդի պաշտպանման եւ բոլոր կարիքաւորներուն մարդասիրական օժանդակութեան յատկացման վերաբերեալ։
Մոսկուայի մէջ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ վարչախումբի բուն նպատակն է Իտլիպը կարգ մը հատուածներու առումով ամայացնել եւ գաղթականաց հոսքի միջոցաւ դժուար կացութեան մատնել Թուրքիան։ Իր կարգին, Վլատիմիր Փութինն ալ նշեց, որ նուրբ իրավիճակի մէջ միշտ կը յաջողէին համաձայնութիւններու հասնիլ, լուծումներ արտադրել եւ երէկուան բանակցութիւններուն արդիւնքն ալ եղած է նոյն ուղղութեամբ։
Թէ՛ թրքական եւ թէ ռուսական կողմերը երէկ ալ շեշտեցին իրենց զգայնութիւնը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ։