ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ԳԻՐՔԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ հայկական սփիւռքի ամենայայտնի եւ հեղինակաւոր դէմքերէն Վարդան Գրիգորեանի գիրքին շնորհանդէսը։ Ան Նիւ Եորքի «Քառնեկի» հիմնարկի նախագահն է ու վերջին տարիներուն եղած է նաեւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիրներէն։ «Տուն տանող ճանապարհը. իմ կեանքի պատմութիւնը» կը կոչուի Վարդան Գրիգորեանի գիրքը, որ հեղինակի ինքնակենսագրութիւնն է։ «newmag» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած է այս գործը։ Մարտի 2-ին «newmag» հրատարակչատունը եւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Երեւանի մէջ կազմակերպեցին Վարդան Գրիգորեանի գիրքին շնորհանդէսը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գրասենեակի երդիքին տակ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վարդան Գրիգորեան գիրքին մէջ բացատրած է իր ծնողներուն ոդիսականը եւ զուգահեռաբար իր կեանքի յատկանշական ապրումներն ու պայքարը։ Գինեձօնին ներկայ գտնուեցան նաեւ զանազան դէմքեր, որոնք դերակատարութիւն ունեցած են այս գիրքի ստեղծման մէջ։ Այս յուշագրութեան բնագիրը անգլերէն է եւ հայերէնի թարգմանուած է՝ Աստղիկ Սարգսեանի կողմէ։ Գիրքի թարգմանութեան խմբագիրը եղած է Գնել Նալպանտեան, խմբագիրը՝ Սեւակ Ղազարեան, իսկ սրբագրողը՝ Աւետիս Յարութիւնեան։ Դիպուկ ձեւով մատուցուած են Վարդան Գրիգորեանի Թաւրիզի մէջ անցած մանկութիւնը, Պէյրութի տարիները, Սթենֆորտի համալսարանի ուսանողութեան շրջանը, Նիւ Եորքի Հանրային գրադարանէ ներս գործունէութիւնը, Պրաունի համալսարանէն եւ «Քառնեկի» հիմնադրամէն ներս տարած բազմակողմանի աշխատանքը։ Սա իրանահայ երիտասարդի մը բացառիկ յաջողութեան պատմութիւնն է՝ մինչեւ անոր աշխարհի քաղաքացի դառնալը։ Այս բոլորը կ՚ամփոփուի Վարդան Գրիգորեանի կեանքի բանձեւով՝ բաց ըլլալ գիտելիքի առջեւ եւ անվերջ կրթուիլ։

Շնորհանդէսի ընթացքին արտայայտուեցան «Աւրորա»ի գործադիր տնօրէն Նիքոլա Սթանիշ, թարգմանչուհի Աստղիկ Սարգսեան եւ «newmag»ի տնօրէն Արտակ Ալեքսանեան։ Նիքոլա Սթանիշ այս առթիւ ընդգծեց, որ Վարդան Գրիգորեան եղած է՝ երբեւէ իր հանդիպած ամենաազդեցիկ մարդոցմէ մին։ Ան իսկապէս իմաստուն անձնաւորութիւն մըն է եւ այս բանը անոր կեանքի հարուստ փորձառութեան արդիւնքն է։ Անոր կեանքը լի եղած է մարտահրաւէրներով ու բազմաթիւ հնարաւորութիւններով։ Վարդան Գրիգորեան նախ եւ առաջ շատ բարի անձ մըն է եւ մեծանուն ուղեցոյց մը բոլորին համար։

Թարգմանչուհի Աստղիկ Սարգսեան յայտնեց, որ այս յուշագրութիւնը կը յիշեցնէ հեքիաթի մը բեմագրութիւնը։ Իր խօսքով՝ գիրքը հարուստ է անկեղծ եւ աւարտուն դասերով ու յուշերով։ Գործը կը պատմէ, թէ ինչպէս կարելի է դժուարին անցեալը փառաւոր ապագայի մը հիմքը դառնալ։ Ընտանեկան յարաբերութիւնները մեծ դեր խաղացած են Վարդան Գրիգորեանի՝ Թաւրիզէն մեկնելու դժուարին որոշման մէջ։ Աստղիկ Սարգսեանի խօսքով՝ եթէ տան մէջ ամէն ինչ կարգին ըլլար, ապա Վարդան Գրիգորեան պիտի չըլլար այնպէս, ինչպէս այսօր ծանօթ է բոլորին։

Իր կարգին, Արտակ Ալեքսանեանն ալ առաջին հերթին տեղեկութիւններ հաղորդեց գիրքի թարգմանական նրբութիւններուն շուրջ։ Ան հաւաստիացուց, թէ սա իսկապէս հետաքրքրական գիրք մըն է։ Այնտեղ կարելի է հանդիպիլ մարդոց, որոնք կարծես վաղուց մահացած պէտք է ըլլային։ «Վարդան Գրիգորեան կը հանդիպի Լեւոն Շանթին, իսկ Պէյրութի մէջ իր ուսուցիչը եւ ուղեցոյցը եղած է Առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան։ Գիրքին մէջ հետաքրքրական ձեւով նկարագրուած է Վարդան Գրիգորեանի կրթութիւնը», ըսաւ Արտակ Ալեքսանեան եւ աւելցուց, որ գիրքը առաջին հերթին կրնայ հետաքրքրել նոր սերունդը՝ տեսնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ կապերու հաստատում եւ ինչ կը նշանակէ գումարներու հայթայթում։ Վարդան Գրիգորեան մարդ մըն է, որ «Քառնեկի» հիմնարկի համար այնքան գումար հաւաքած է, որ այլեւս այդ մէկուն կարիքը չունի։ «Վարդան Գրիգորեան մարդ մըն է, որ կը ստեղծէ նոր միջավայր եւ իր բացառիկ տաղանդը ներկայացուած է, շարադրուած է ու նկարագրուած՝ գիրքին մէջ», նշեց Ալեքսանեան։

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021