ԻՍԿԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան յայտարարեց, որ Սիւնիքի մարզէն ներս պէտք է ստեղծուի ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի մը։

Երէկ առաւօտ Արման Թաթոյեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացով ծագած խնդիրներուն եւ թերութիւններուն կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, այս շրջանին կատարուած հետազօտութիւններու ընթացքին պարզ դարձած է, որ Սիւնիքի մարզէն ներս ստեղծուի ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի մը։ «Ապացոյցները կը վկայեն այս մասին եւ այս հայեցակարգը հիմնուած է միջազգային կանոններու վրայ։ Տուեալ գործընթացին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ սահմաններու յստակեցումը։ Առաջին հերթին կարեւորագոյն նշանակութիւն ունին այս ամբողջ գործընթացին վերաբերեալ սահմաններու որոշման քանի մը գործօններ ու մենք այդ գործօններով կը սկսինք իրականացնել գործողութիւններ, որոնք հիմնուած են միջազգային փորձառութեան վրայ», ըսաւ ան։

Ասուլիսի ընթացքին Արման Թաթոյեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանէ ներս հայատեացութիւնը հասած է գագաթնակէտին։ Այնտեղ հակահայկական քարոզչութիւն կ՚իրականացուի նոյնինքն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Թաթոյեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ցուցուց տեսահոլովակներ, ուր կ՚երեւին զինուորականներու գլխատումներ, քաղաքացիներու խոշտանգումներ ու կը լսուէին Ալիեւի օգտագործած նոյն լոզունգները։ «Ատրպէյճանի մէջ հայատեացութիւնը եւ թշնամանքի կազմակերպուած քարոզչութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուի, սա ունի կառուցուածքային նշանակութիւն», յայտնեց Արման Թաթոյեան։

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Երեւանի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած ասուլիսին ժամանակ Արման Թաթոյեան շեշտեց, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանակից մարզերու պարագային կան իսկական վտանգներ, որոնք կը սպառնան մարդոց կեանքին։ Ան ընդգծեց, որ սահմանային խնդիրները կարգաւորելու ժամանակ առաջնային պայման են մարդու իրաւունքները։ «Մարդու իրաւունքներու միջազգային ուժով ճանչցուած՝ սահմաններու վերաբերեալ բոլոր գործընթացներու հիմքին պէտք է գտնուին նոյնինքն մարդու իրաւունքները։ Սա ո՛չ թէ այլընտրանքային պահանջ է, այլեւ պարտադիր պահանջ է։ Տուեալ հարցին մէջ մարդու իրաւունքները հիմք են», ըսաւ Թաթոյեան։

Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի բնակիչներու պարագային սեփականութեան իրաւունքի կոպիտ խախտումներ կ՚արձանագրուին։ Օրինական փաստաթուղթեր ունենալով հանդերձ, մարդիկ չեն կարողանար բնակիլ իրենց տան մէջ, որովհետեւ կան շարք մը խնդիրներ։ Անոնց ֆիզիքական եւ հոգեբանական անձեռնմխելիութեան իրաւունքներն ալ կը խախտուին կոպտօրէն։ «Ներքին Հանդ գիւղը, Շուռնուխը, Որոտանը. ոչ ոք կը փորձէ հասկնալ այնտեղի երեխաները ինչ վիճակի մէջ են։ Արդեօք ոեւէ մէկը կրնա՞յ ըսել, որ սա երեխաներու համար լաւագոյն պայմանն է», ըսաւ Թաթոյեան։

Ի լրումն այս բոլորին, իր յայտարարութիւններուն մէջ Արման Թաթոյեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն կրակոցներ արձակել Սիւնիքի մարզի գիւղերու հարեւանութեամբ եւ այս ուղղութեամբ կան ապացոյցներ։ Զինուորականներ տեղադրելու համար պատրուակներ կ՚օգտագործուին՝ Ատրպէյճանի կողմէ տեղադրուած դրօշակներն ու ցուցանակները։ Սիւնիքի մարզէն ներս դպրոցները շատ մօտ են սահմանին։ Կայ ճանապարհային խնդիր։ Մարդիկ երեկոյեան ժամերուն կը վախնան հիւանդանոց երթալու։

Ուստի, ներկայ պայմաններով Արման Թաթոյեան խաղաղ գոյակցութիւն չի պատկերացներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

ՇՈՒՌՆՈՒԽԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Միւս կողմէ, Սիւնիքի մարզի բնակավայրերէն Գորիսի փոխ-քաղաքապետը՝ Մենուա Յովսէփեան վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ ահազանգ հնչեցուց շարք մը խնդիրներու շուրջ, որոնք կու գան հաստատել Արման Թաթոյեանի մտահոգութիւնները։ Ըստ իրեն, Հայաստանի իշխանութիւնները վերջին շրջանին կը պնդէին, թէ Գորիս-Որոտան-Շուռնուխ ճանապարհը սահմանապահներու կողմէ պիտի վերահսկուի, ուստի հայկական կողմէն խրամատաւորուելու կարիքը չկայ։ Հայաստանի իշխանութիւններու այդ իբր թէ վստահացումներով հանդերձ, փոխ-քաղաքապետը տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանի զօրքերը սկսած են այնտեղ խրամատեր փորել։ Այսպէսով անոնք իրենց դիրքերը կ՚ամրապնդեն եւ «GPS»ով գծուած սահմանները կը յստակեցուին։ Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան ճանապարհները կը հատէ ու կը պատրաստուի պատերազմի։ «Դժբախտաբար, իշխանութիւնը տարուած է ո՛չ թէ հայ ժողովուրդի, այլ բացառապէս իր փրկութեամբ՝ հայ ժողովուրդի արեան ու հայրենիքի հաշւոյն», նշուած է փոխ-քաղաքապետի գրառման մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021