ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԱՅՑԵՐ ԴԷՊԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ այս շրջանին կը փոխանակուին բարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններ։ Այսպէս, ներկայիս Ուաշինկթընի մէջ է ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն, որ կը մէկտեղուի CIA-ի նախագահ Ուիլիըմ Պէօռնսի հետ։ Հետախուզական պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներու առընթեր Իպրահիմ Քալըն Ուաշինկթընի մէջ շփումներ կ՚ունենայ նաեւ Սպիտակ տան, Քոնկրէսի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան շրջանակներէն ներս։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Քալընի այցելութեան ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր՝ օրակարգի վրայ կու գան՝ ՓՔՔ-ի, ՖԵԹԷՕ-ի եւ ԻՇԻՊ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։ Քալըն զրուցակիցներուն հետ կանգ կ՚առնէ Իրաքի ու Սուրիոյ իրադրութեան եւ Կազզէի պատերազմի ընթացքին վրայ։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ալ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ Իպրահիմ Քալընի հանդիպումներուն ընթացքին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան նաեւ Կովկասի վերաբերեալ իրադարձութիւնները։

Միւս կողմէ, վաղն ալ Ուաշինկթըն պիտի ուղեւորուի արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ «Reuters»ի հաղորդումներով, ան կը հիւրընկալուի ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կողմէ։ Սպիտակ տունէն ներս Հաքան Ֆիտան կը տեսակցի նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Կազզէի պատերազմը, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը, Թուրքիա-ԱՄՆ ռազմական եւ ուժանիւթի բնագաւառի համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Հարկ է նշել, որ Հաքան Ֆիտանի այցելութեան օրերուն տեղի պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիա-ԱՄՆ ռազմավարական դրութեան երկխօսութեան հանդիպումը՝ շուրջ տարուան մը ընդհատումէն վերջ դարձեալ նախարարներու մակարդակի վրայ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024