ԱՐԴԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ համագումարի եզրափակիչ հանգրուանը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Ընդհանուր ժողովը առաջին իսկ փուլէն սկսեալ ունէր ծայր աստիճան յագեցած ծրագիր մը, որու վերջին փուլը եւս եղաւ այդպէս։ Արդարեւ, 88-րդ համագումարին շրջագծով ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու համայն աշխարհէն Երեւան մեկնած անդամները ծաւալեցին միասնական քննարկում մը։ Աշխատանքային բնոյթով համախմբում մըն էր այս մէկը, սակայն ունէր նաեւ հանդիսաւոր երեսակ մը, որովհետեւ ծրագիրը կ՚ընդգրկէր շարք մը պաշտօնական ճառախօսութիւններ։ Բացի ժողովէն, Երեւանի մէջ կատարուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նորակառոյց կեդրոնատեղիին հանդիսաւոր բացումը։ Ի լրումն այս բոլորին, կալա-համերգ մըն ալ տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ։ Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովի ծրագրին հիմնական մասը, ինչ որ վերջին օրերուն հայկական հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնն ու անդամները ծանրաբեռնուած այս աշխատանքային ծրագիրը կեանքի կոչելու առընթեր, երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցեցան նաեւ Սուրբ Զատկի տօնակատարութիւններուն։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, նաեւ նոյն շրջագծով զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան բացատրութիւններ տուաւ ՀԲԸՄ-ի ներկայ հիմնական առաքելութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, զանազան ժամանակներու մէջ ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը ունեցած է տարբերութիւններ։
«Հայաստանի անկախութենէն առաջ մեր հիմնական նպատակը եղած է Սփիւռքի հայութեան ազգային գիտակցութեան ամրապնդումը։ Ցեղասպանութենէն վերջ մեր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին աջակցիլն էր՝ հիմնել որբանոցներ, լեզուն պահպանել, ապահովել Սփիւռքի հայերու ընկերային պայմանները։ Հայաստանի անկախութիւնը փոխած է ՀԲԸՄ-ի առաքելութիւնը։ Անկախութենէն յետոյ մեր միութիւնը Սփիւռքի մէջ աշխատանքը շարունակեց նոր թափով, սակայն մենք մէկ ազգ ենք եւ չենք տարանջատեր Սփիւռքն ու Հայրենիքը։ Վերջին հաշուով մեր նպատակն է հզօր հայրենիք ունենալը։ Հայաստանի մէջ կայ արտագաղթ, իսկ Սփիւռքի մէջ՝ հայապահպանութեան խնդիր։ Մեր խնդիրն է նոր սերունդը առաջնորդել դէպի իր արմատները։ Մեր բոլոր աշխատանքները ուղղուած են հզօր հայրենիքի կերտման», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պերճ Սեդրակեան շեշտեց նաեւ, թէ նոր սերունդի զարգացման ուղղեալ ներդրումները կը դասուին ՀԲԸՄ-ի գերակայ ուղղութիւններու շարքին։
Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարին շրջագծով ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ԲԱՑՈՒՄ
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, աշխարհատարած մասնաճիւղերէն մեկնած աւելի քան 150 պատգամաւորները, ինչպէս նաեւ միւս պատասխանատուները անբացատրելի խանդավառութիւն մը ապրեցան Երեւանի մէջ կառուցուած ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նոր կեդրոնատեղիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։ Նորակառոյց կեդրոնի պաշտօնական բացման պատուոյ հիւրերն էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան եւ միւս պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շրջապատեցին Սերժ Սարգսեանն ու Վեհափառ Հայրապետը։ Նախագահ Սարգսեանի հետ էին նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, իսկ Վեհափառ Հայրապետին կ՚ուղեկցէին եպիսկոպոսներ։
Բարեսիրական, մշակութային, կրթական ու երիտասարդական ծրագրերը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ հայրենանուէր նոր նախագծերու իրականացման համար առաւել նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու առաջադրութեամբ ՀԲԸՄ 2010 թուականին ձեռնարկած էր Երեւանի մէջ նոր կեդրոնի մը կառուցման ծրագրին։ Շէնքը կը գտնուի Երեւանի «Մելիք Ադամեան» փողոցին վրայ, Հայաստանի կառավարութեան շէնքի հարեւանութեամբ։
Լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներու արդիւնքին արդէն երկինք խոյացած իսկապէս նախանձելի կառոյց մը, ուր կատարուած շրջայցի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի պատասխանատուները մանրամասն բացատրութիւններ տուին Սերժ Սարգսեանին եւ Վեհափառ Հայրապետին։ ՀԲԸՄ-ի նորակառոյց շէնքը ունի շուրջ 1300 քառակուսի մեթր տարածութիւն, որու վրայ բարձրացած է հնգյարկանի ժամանակակից համալիր մը՝ գրասենեկային բոլոր յարմարութիւններով, ժողովասրահներով ու դահլիճներով, ցուցադրասրահներով եւ ստորգետնեայ ինքնաշարժներու կայանատեղիով։ Պատասխանատուներու հաւաստիացմամբ, արդի շինարարական լուծումներու կիրառման ու հին ճարտարապետութեան պատմամշակութային առանձնայատկութիւններու անխաթար պահպանման զուգորդմամբ վերականգնուած է նախապէս այնտեղ եղած շէնքին դիմագիծը։ Նախագծային ու շինարարական աշխատանքներու ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է քաղաքաշինական պահանջներու բաւարարման, որպէսզի պահպանուին Երեւանի հին կեդրոնի պատմական միջավայրին բնորոշ տարրերը։
ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան համոզմամբ, Երեւանի կեդրոնին մէջ հաստատուած այս շէնքը հնարաւորութիւն պիտի տայ ընդլայնելու բազմաբնոյթ ծրագրերը՝ դառնալով Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման նոր օճախ մը։
Նախագահ Սարգսեանի ներկայութեամբ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնի կտրուելէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ նորակառոյց համալիրէն ներս կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ։
Շէնքի ճարտարապետն է ֆրանսահայ յայտնի անուն մը՝ Արիս Ադամեան, որ միեւնոյն ժամանակ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն է։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Արիս Ադամեան ներկայացուց կառոյցի ճարտարապետական լուծումները եւ ընդգծեց, որ շէնքը Երեւանի մէջ արդիական ու պատմական ոճերու համադրութիւն մը կը մարմնաւորէ։ Քաղաքի ճարտարապետական դիմագիծը պահպանելու համար օգտագործուած են 1906 թուականին կառուցուած եւ 2000 թուականին կազմաքանդուած քաղաքային շէնքին քարերը։ Ներքին յարդարանքը կ՚առանձնանայ արդիական ոճով եւ առաջնակարգ յարմարութիւններով։ Շէնքի ճակատին վրայ կը նկատուի ապակեպատ տիզայնի եւ հին Երեւանի ճարտարապետական տարրերու միահիւսումը։ Ապակեպատ ճակատը արեւու լոյսի առաւելագոյն ներթափանցման հնարաւորութիւն կու տայ՝ ստեղծելով յարմարաւէտ ու ոգեշնչող աշխատանքային միջավայր մը։ Կեդրոնէն ներս տեղակայուած են գրասենեակներ, համաժողովներու սրահներ եւ ցուցադրասրահներ։ Ներքին յարդարանքը յագեցած է ժամանակակից յարմարութիւններով եւ արդիական տիզայնի տարրերով։ Շինութիւնը կը համապատասխանէ բոլոր յառաջատար շինարարական չափանիշներուն, իսկ նորագոյն փորձագիտութիւններու՝ ջերմամեկուսիչ երեսապատման սալիկներու եւ արեւային մարտկոցներու շնորհիւ շէնքը կը դասուի միջավայրակայուն կառոյցներու շարքին։ «Արեւային մարտկոցներու հաշւոյն շէնքը հոսանքի առումով ինքնաբաւ է, ինչ որ մենք շատ կը կարեւորենք», ըսաւ Արիս Ադամեան։
ՀԲԸՄ ցարդ Երեւանի մէջ սեփական շէնք մը չէր ունեցած։ Անցեալի մէջ իր օգտագործած բոլոր շէնքերը վարձուած էին, իսկ ներկայ կեդրոնը արդէն անոր սեփականութիւնը կը հանդիսանայ։
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեան այս առթիւ նշեց, որ նոր շէնքին բացումը մեծ ուրախութեան եւ հպարտութեան առիթ մըն է իրենց համար։ «Ինչպէս գիտէք՝ ՀԲԸՄ ի սկզբանէ եղած է Հայաստանի կողքին եւ այսօր մենք շատ ուրախ ենք, որ ունինք մեր սեփական շէնքը, որու միջոցաւ մեր 100-ամեայ գործունէութեան տեսլականէն նոր միջոցառումներու եւ նախաձեռնութիւններու տեսքով պիտի ամրապնդենք հայրենիքի մէջ։ Եւ մեր ծրագրերը ո՛չ միայն պիտի ըլլան ի նպաստ Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն, այլ նաեւ՝ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն, յատկապէս երիտասարդներուն։ Մենք կը փափաքինք այստեղ իրականացուող ծրագրերուն միջոցաւ աւելի շատ երիտասարդներ ընդունիլ հայրենիք՝ անոնց մէջ առաւել զօրացնելով հայ ըլլալու զգացումը», յայտնեց Վազգէն Եագուպեան։
Իր կարգին, Պերճ Սեդրակեանն ալ ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ-ի տեսանկիւնէն պատմական կը նկատուի սոյն կեդրոնի բացման օրը։ «Մենք, սկսեալ մեր հիմնադրման օրէն՝ 1906 թուականէն, ունեցած ենք մեր կեդրոնները, շէնքերը, Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ, Հալէպի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի մէջ, բայց այսօր մենք կը վերադառնանք տուն եւ ունեցանք մեր շէնքը, որ մեր ազգային գիտակցութեան խորհրդանշանն է», ըսաւ Պերճ Սեդրակեան։
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ
Աշխատանքային փուլերուն առընթեր, ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարի անմոռանալի երեսակներէն մին դարձաւ նաեւ Երեւանի Օփերային մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր համերգը։ Սերժ-Ռիթա Սարգսեան ամոլը երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, որուն եւս տեղ վերապահուած էր պատուոյ օթեակին մէջ։ Համերգի սկսելէն առաջ ելոյթներով հանդէս եկան Սերժ Սարգսեան (խօսքը տես՝ յարակից սիւնակը) եւ Պերճ Սեդրակեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պերճ Սեդրակեան այս առթիւ Սարգսեան ամոլին շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ համերգին բերուած մասնակցութեան եւ թէ ՀԲԸՄ-ին նկատմամբ ընծայուած ուշադրութեան համար։ «Ահաւասիկ, անգամ մը եւս եկած ենք մեր հաւատքը ամրապնդելու հայրենի հողին վրայ, յարգանք մատուցանելու մեր նահատակներուն, շարունակելու պայքարը մեր պատմական եւ մարդկային իրաւունքներու իրականացման համար, ինչպէս նաեւ միացնելու մեր ուժերը հայրենի պետութեան կառուցման ճիգերուն մէջ, որպէսզի իրականանան մեր ժողովուրդի իղձերը։ Հայաստանը մեր ժողովուրդի հաւատն ու յոյսն է այսօր։ ՀԲԸՄ կը շարունակէ իր աշխատանքները եւ ծրագրերը Սփիւռքի մէջ, աստիճանաբար փոխելով անոնց բնոյթը եւ յարմարեցնելով զանոնք այսօրուան իրականութեան ու փոփոխուող պայմաններուն», յայտնեց Սեդրակեան։
Երկոյթի ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը, զոր ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստեանեան։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ շեշտեց, որ ՀԲԸՄ ապրած է հայ ժողովուրդին հետ ու միեւնոյն ժամանակ եղած՝ մասնակիցը անոր յարութեան եւ յաղթանակի լուսաւոր ջանքերուն։
Այս ելոյթներէն վերջ սկսաւ համերգի յայտագիրը, որու ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ալէքսէյ Հէքիմեանի, Ռոպէրթ Ամիրխանեանի, Գաբրիէլ Երանեանի եւ Արմէն Մարտիրոսեանի ստեղծագործութիւնները։ Ձեռնարկին մասնակցութիւն բերին՝ Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի նուագախումբը, «Բարեկամութիւն» Հայաստանի պարարուեստի պետական համոյթը եւ «Թաթուլ Ալթունեան» Հայաստանի երգի-պարի պետական համոյթը։