ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Առաջին Տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ մասնակցեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ ՀԲԸՄ-ի 88-րդ ընդհանուր ժողովին առթիւ կազմակերպուած գեղարուեստական ձեռնարկին։ Համերգի ընթացքին ան հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
*
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան յարգարժան նախագահ, միութեան յարգարժան ղեկավարներ, բարերարներ եւ հիւրեր, տիկնայք եւ պարոնայք,
Սիրով կ՚ողջունեմ միութեան հերթական՝ 88-րդ ընդհանուր անդամական ժողովի բոլոր մասնակիցները։ Սրտանց ձեզի կը մաղթեմ բարի գալուստ հայրենիք։
Ձեր ժողովը գումարուած է համայն հայութեան համար խիստ պատասխանատու եւ կարեւոր օրերու՝ հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տարուան մէջ՝ Ապրիլին։ Ուստի, եւ առաջին հերթին անհրաժեշտ է գնահատել եւ իմաստաւորել մեր անցած ընդհանուր ճանապարհն ու ներկայ հանգրուանը։
Փաստ է, որ անցեալ 109 տարիներուն ընթացքին միշտ վառ եղած է միութեան ակունքներուն մէջ դրուած հիմնադիր գաղափարներէն բխող ազգանպաստ գործունէութեան լոյսը։ Մեծավստակ ձեր կառոյցը անցաւ հայ ժողովուրդի ճակատագրի ուղիներով. Մեծ եղեռնը վերապրած գաղթականներու ու որբերու պէս ան հասակ առաւ, տոկաց տարաբնոյթ փոթորիկներու դէմ, դիմացաւ մարտահրաւէրներուն եւ յաղթահարեց բոլոր մեծ ու փոքր դժուարութիւնները։ Հայ ժողովուրդին յատուկ հզօր կամքով՝ կառոյցը յառաջ ընթացաւ «միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանով։ Կարճ ժամանակի մէջ միութիւնը իսկապէս վերածուեցաւ համահայկական կազմակերպութեան՝ տարածելով իր ներկայութիւնը աշխարհասփիւռ մեր գաղթօճախներուն մէջ։
Դրուատանքի խօսքերը շատ կարեւոր են Հայաստանին եւ հայութեան ՀԲԸՄ-ի անդամներու անմնացորդ նուիրումն ու աջակցութիւնը գնահատելու համար։ Ուստի, որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, խորին երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ձեր ջանքերով իրականացուող ազգանպաստ գործունէութեան համար։ Շատ շնորհակալ եմ։
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Հայրենիքի եւ հայութեան ձգող ուժը որեւէ հայը հանգիստ չի թողուր, ո՛ւր որ ալ ըլլայ ան։ Այդ իսկ ուժով մեզմէ իւրաքանչիւրը կը գտնէ Հայաստանի եւ հայութեան կեանքին մասնակից դառնալու իր ձեւը։ Այս գործին մէջ նշանակալի է նաեւ Բարեգործականի դերակատարութիւնը, որու միջոցաւ աշխարհի զանազան կողմերուն կը տարածուին հայրենասիրութեան ու հայապահպանութեան հուրն ու զգացումը։
Հայկական Սփիւռքը նոր շունչ առաւ եւ խանդավառուեցաւ Հայաստանի անկախութեամբ։ Մենք՝ բոլորս միասին, պաշտպանեցինք համայն հայութեան հայրենիքը, մեր հպարտութիւնը, մեր ինքնութիւնը, մեր զօրութեան աղբիւրն ու կենսական ուժը։
Բարեգործականը Սփիւռքի առաջին կառոյցներէն մին էր, որ հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ դարձաւ հայաստանակեդրոն՝ գիտակցելով, որ սա է առաւել ամրանալու ամենաճիշդ ուղին։ Ան ստեղծեց երիտասարդական, կրթական, առողջապահական, ընկերային, մարզական եւ մշակութային գործօն ծրագրեր, որոնք միտուած են զարգացնելու Հայաստանի եւ Արցախի հոգեւոր, մշակութային եւ տնտեսական կեանքը։ Իր լայնածաւալ ծրագրերու իրագործման ընթացքին ՀԲԸՄ Հայաստանի մէջ ստեղծեց շուրջ երկու հազար աշխատատեղի։
Շատ կարեւոր է, որ Բարեգործականը մշտապէս սերտօրէն համագործակցած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն հետ։ Փորձը ապացուցանեց, որ սա է առաջնահերթութիւնները յստակեցնելու, կարիքները ճշգրիտ գնահատելու, օժանդակութիւն ցուցաբերելու լաւագոյն ձեւերը գտնելու ամենաարդիւնաւէտ ուղին։
Առանձնակի կը կարեւորեմ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն սատարելու ուղղութեամբ ՀԲԸՄ-ի գործունէութիւնը։ Կը կարեւորեմ, որ Բարեգործականը եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը եկան օգնելու Հայաստանի կառավարութեան՝ Սուրիայէն ներգաղթած մեր համալսարանական երիտասարդներու կրթութեան հիմնախնդիրները կարգաւորելու համար։
Սիրելի՛ բարեկամներ,
Մեր ազգային ինքնութեան առհաւատչեան Հայաստանն է։ Հայաստանի հետ կապուած է հայ մարդու ազգային պատկերացումը։ Անոր անցեալը իբրեւ մասունք հայրենի հողին մէջ ամփոփուած է։ Անոր ներկան բոլոր թելերով հայրենիքի հետ կապուած է։ Այդ իսկ պատճառով համայն հայութեան գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլան ապահով Հայաստանին եւ Արցախին զօրակցիլն ու սատարելը։ Այս առումով կը կարեւորեմ նաեւ ՀԲԸՄ-ի այն ծրագրերը, որոնք միտուած են Հայաստանի հզօրացման եւ յառաջընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբման։
Ձեր առաջադրած բոլոր խնդիրները ունին համազգային հնչեղութիւն։ Բնականաբար, անոնք կը պահանջեն համայն հայութեան ուժերու համադրում, ինչ որ առաջին հերթին կ՚ենթադրէ Սփիւռքի եւ հայոց երկու պետութիւններու համագործակցութիւնը։ Կը վստահեցնեմ, որ ձեր բոլոր ազգանուէր ձեռնարկներու իրականացման ընթացքին մենք պիտի ըլլանք ձեր կողքին՝ որպէս ամուր յենարան եւ վստահելի գործընկեր։
Ընդհանուր անդամական ժողովի այս օրերուն իմ մաղթանքն է, որ ձեր կառոյցի ազգանուէր, եկեղեցանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութիւնը շարունակէ ծաւալուիլ։
Կը մաղթեմ, որ ՀԲԸՄ-ի երկրորդ հարիւրամեակը ըլլայ առաւել բեղուն, անխոտոր եւ լեցուն յաղթանակներով։