«ՈՒԺԸ ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ ՃԱՌԱԳՈՂ ԼՈՅՍԻՆ ՄԷՋ Է»
Արցախի ճակատի վերջին բախումներուն հետեւանքով նահատակուած հայ զինուորներուն յուղարկաւորութիւնները տեղի կ՚ունենան յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ։ Ինչպէս Արցախի զանազան քաղաքներու, այնպէս ալ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենան յուղարկաւորութիւնները եւ սգահանդէսները։ Երեւանի Կոնթ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յաւերժութեան ճամբուեցաւ հարիւրապետ Արմենակ Ուրֆանեան։ Նոյնպէս Երեւանի «Եռաբլուր» նահատակաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ հետախոյզ-գնդացրորդ Սասուն Մկրտչեանի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Զինուորական արարողակարգով տեղի ունեցած թաղման ընթացքին Սարգսեան հանդէս եկաւ ցաւակցութեան ու զօրակցութեան խօսքով մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ.
«Սիրելի հայրենակիցներ, Սասուն Մկրտչեանի յարգելի ծնողներ, հարազատներ, ընկերներ,
«Այսօր մենք դէպի անմահութիւն կը ճանապարհենք հայ զինուորը։ Զինուոր, որ իր անունը փառքով պսակեց, զինուոր, որու փառքով պսակուեցաւ զինքը ծնող ընտանիքը։ Մենք այստեղ ենք, որպէսզի գլուխ խոնարհենք Սասուն Մկրտչեանի եւ մեր միւս նահատակներու սխրագործութեան առջեւ։
«Բոլոր անոնք, որոնք կը վիճին կամ կը կասկածին, թէ այդ ինչպէս եղաւ, որ հայ ժողովուրդը հասաւ մինչեւ 21-րդ դար այս բարդ տարածքաշրջանին մէջ, պէտք է հասկնան, որ պատասխանը այստեղ է՝ այստեղ հանգչող նահատակներու գիտակցութեան մէջ, անոնց շուրթերուն։ Գիտակցուած մահը անմահութիւն է։ Մենք կռուած ենք, որպէսզի պաշտպանենք մեր տունը, մեր ընտանիքը, մեր ինքնութիւնը եւ մեր այսօրուան լինելութիւնը այս տարածքաշրջանէն ներս ամենախօսուն ապացոյցն է, թէ մենք ինչպէս կը կարողանանք կռուիլ։ Ով ըսես եկած, ով ըսես անցած է։ Դարձեալ պիտի գան ու պիտի երթան, բայց մենք եղած ենք, կանք ու պիտի ըլլանք, որովհետեւ մենք գիտենք յաւերժ ապրելու բանաձեւը։
«Այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ, հայ ժողովուրդի համար հերթական փորձութիւնն է, որ այս անգամ մեր վզին փաթթուած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Վստահ եմ, որ մենք պատուով պիտի յաղթահարենք այս մարտահրաւէրը եւս։ Հայատեացութենէ կուրացած, նաւթի հոտէն հարբած Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի հասկնար, որ ուժը հրասայլերու թիւին մէջ չէ, ուժը Արցախի եւ Հայաստանի նոր սերունդի ճառագող լոյսին մէջ է եւ այդ լոյսը այսօր մեզ բոլորս դարձուցած է միասնական, միասնական մէկ բռունցք, որ պիտի իջնէ մեր անվտանգութեան սպառնացող ոսոխի գլխին։
«Այսօր մեր մտքերը մեր սահմանին կանգնած զինուորներու ու սպաներու հետ են։ Մեր հոգիները կը ցաւին ամէն մէկ անմահացման դէպքին, բայց մեր սրտերը կը գօտեպնդուին մեր հերոսներու վարքով, մեզ կը հաղորդեն վճռականութիւն, հաստատակամութիւն։ Մենք այսօր դարձած ենք մէկ մարդ եւ այդ միասնութիւնը պիտի սնուցէ մեր ապագայ սերունդը։ Ես պարտաւոր եմ յայտարարել, որ մենք պատրանքներ չունինք, մենք չունինք հզօր հովանաւորներ, բայց ունինք աշխարհի արդար մարդոց համակրանքը, մենք ունինք ամէն ինչ, որպէսզի պաշտպանենք մեր տունը, մեր հայրենիքը։
«Սասուն ճան, պէտք է վստահ լինես, որ մենք պիտի շարունակենք քու եւ քու ընկերներուն սուրբ գործը։ Հանգչէ խաղաղութեամբ, հայրենիքի զինուոր»։
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԼՌՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստը։ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ բոլոր նախարարները ժողովի սկիզբին վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահեցին Արցախի ճակատի վերջին բախումներուն ընթացքին նահատակուած զինուորներուն համար։