ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ՝ 3400 ՏԱՐՈՒԱՆ ԴԱՄԲԱՐԱՆԱԴԱՇՏ ՄԸ

Հնա­գէտ­նե­րը Նե­ղոս գե­տի ա­փին նա­խա­պէս ան­յայտ դամ­բա­րա­նա­դաշտ մը յայտ­նա­բե­րած են, որ կազ­մուած է քա­ռա­սու­ներ­կու ժայ­ռա­փոր գե­րեզ­մա­նէ:

Ըստ հնա­գէտ­նե­րու, գե­րեզ­մա­նա­տու­նը ու­նի շուրջ 3400 տա­րուան հնու­թիւն: Հա­մա­լի­րը, ուր յայտ­նա­բե­րուած է դամ­բա­րա­նա­դաշ­տը,  կը կո­չուի Կե­պէլ էլ Սիլ­սի­լա: 

Նա­խա­պէս յայտ­նի էր, որ այդ վայ­րի տա­րած­քին հին թուա­կան­նե­րուն գտնուած է քա­րա­հանք մը, ուր­կէ կ՚ար­դիւ­նա­հա­նուէր ա­ւա­զա­քար։ Իսկ Հին Ե­գիպ­տո­սի տա­ճար­նե­րուն մէջ գտնուած քա­րե­րուն գրե­թէ բո­լո­րը այս հան­քէն կտրուե­լով հա­նուած են։ Ա­ւե­լի վերջ պե­ղում­նե­րու ժա­մա­նակ յայտ­նա­բե­րուած էին նաեւ մի քա­նի ար­ձան­ներ։

Իսկ գար­նա­նա­յին պե­ղում­նե­րու ար­դիւն­քին գիտ­նա­կան­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, որ այն­տեղ տե­ղա­կա­յուած է նաեւ  գե­րեզ­մա­նա­տուն մը: Պե­ղում­նե­րը գլխա­ւո­րած է Մա­րիա Նիլ­սըն։ Ան իր ար­շա­ւա­խում­բին հետ յայ­տա­րա­րած է, որ յայտ­նա­բե­րուած դամ­բա­րան­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը վատ վի­ճա­կի մէջ կը գտնուի։ Մա­րիա Նիլ­սըն եւ իր գլխա­ւոր օգ­նա­կա­նը՝ Ճոն Ո­ւարտ ար­դէն ձեռ­նար­կած են մի քա­նի գե­րեզ­մա­նի մաք­րա­գործ­ման։ Յայտ­նա­բե­րուած գե­րեզ­ման­նե­րը ու­նին մէկ կամ եր­կու սե­նեակ՝ ա­ռանց զար­դա­րան­քի։ Իսկ յայտ­նա­բե­րուած տա­ճա­րը ու­նի դէ­պի Նե­ղոս գետ նա­յող եր­կու բաց սե­նեակ։ Բա­ցի այդ, կայ վրան ա­րե­ւի ար­ձա­նով դրան ա­րանք մը։

Ըստ Ո­ւար­տի, ա­ռա­ջին հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, գե­րեզ­ման­նե­րուն մէջ կան տղա­մար­դիկ, կա­նայք եւ ե­րա­խա­ներ։ Այս ալ ցոյց կու տայ, որ Կե­պէլ էլ Սիլ­սի­լան ե­ղած է կա­րե­ւոր բնա­կա­վայր մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016