ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ շա­բա­թա­վեր­ջէն ի վեր ապ­րուած ան­նա­խըն­թաց լա­րուա­ծու­թիւ­նը, ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ե­րէկ ի վեր­ջոյ ե­կան փո­խա­րի­նուիլ զգու­շա­ւոր հան­դար­տու­թիւ­նով մը։ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ երկ­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ե­րէկ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն ո­րո­շուե­ցաւ կրա­կը դադ­րեց­նել ա­ռաջ­նագ­ծին։ Ներ­կա­յիս յա­րա­բե­րա­կան կա­յու­նու­թեան մթնո­լորտ մը ձե­ւա­ւո­րուած է։ Ե­րէկ օ­րուան երկ­րորդ կէ­սին Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ թէեւ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը ա­տեն-ա­տեն շա­րու­նա­կած են կրա­կել, բայց ոչ նոյն թա­փով։ Իսկ այս ա­ռա­ւօ­տեան լու­րե­րուն մէջ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ գի­շե­րը ան­ցած է հան­գիստ։ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Դա­ւիթ Տօ­նո­յեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղե­կա­ցուց, թէ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան մը մա­սին հա­մա­ձայ­նու­թիւն չէ հաս­տա­տուած, այլ գո­յու­թիւն ու­նի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն մը կրա­կի դադ­րեց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տին ըն­թաց­քին Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեանն ալ տուաւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ։ Ըստ ի­րեն, ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րը, ո­րոնք պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան կրա­կը դադ­րեց­նե­լու հա­մար։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով՝ Սէյ­րան Օ­հա­նեան ը­սաւ. «Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­նա­խա­դէպ էին ոչ միայն 1994-ի զի­նա­դա­դա­րէն յե­տոյ, այլ ընդ­հան­րա­պէս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պա­տե­րազ­մին բաղ­դատ­մամբ։ Ան­նա­խա­դէ­պու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած էր ա­ռա­ջին հեր­թին ռազ­մա­կան տե­սան­կիւ­նէն՝ շփման գծի ամ­բողջ եր­կայն­քով կրա­կի խտու­թեամբ, կի­րա­ռուած ռազ­մա­կան թեք­նիկ մի­ջոց­նե­րով, ներգ­րա­ւուած ու­ժե­րու եւ մի­ջոց­նե­րու քա­նա­կու­թեամբ, ա­նոնց զի­նեալ ու­ժե­րու մօ­տե­ցու­մը ա­ռա­ջին գծին, ինչ­պէս նաեւ ժա­մա­նա­կա­յին հա­մե­մա­տու­թեան մէջ ա­նոր մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րու մեծ քա­նա­կով»։ Օ­հա­նեան ա­ւել­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի կո­րուստ­նե­րու քա­նա­կը Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի կո­րուստ­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ բազ­մա­կի է՝ տասն ան­գա­մէն ա­ւե­լի։

Նա­խա­րա­րին խօս­քե­րով, ան­նա­խա­դէպ ե­ղած է հա­կա­մարտ կող­մե­րու պատ­րաս­տու­թեան աս­տի­ճա­նը։ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րու մէջ մաս կազ­մած են վարձ­կան­ներ եւ ա­հա­բե­կիչ­ներ։ «Ակն­յայտ էր նաեւ բռնու­թեան բնոյ­թը, ո­րով­հե­տեւ նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնք կ՚ը­սեն, թէ կը պա­տաս­խա­նեն մեր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ա­նոնք նա­խօ­րօք նա­խա­պատ­րաս­տուած եւ ան­հա­մա­չափ քայ­լեր էին։ Ան­նա­խա­դէպ է նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նուոր­նե­րու դիակ­նե­րու, ռազ­մա­կան սար­քե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի տա­րած­քէն ներս։ Մար­դա­սի­րա­կան տե­սան­կիւ­նէն եւս ակն­յայտ էր ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը՝ խոշ­տան­գում­նե­րը, գլխա­տու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ», մատ­նան­շեց Սէյ­րան Օ­հա­նեան։

ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր ե­րէկ ող­ջու­նեց շփման գծին վրայ ա­պա­հո­վուած լից­քա­թա­փու­մը։

Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ օ­րուան ա­ւար­տին հեր­թա­կան ան­գամ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին վեր­ջին բա­խում­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րուն շուրջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ զո­հուած է 29 հայ զի­նուոր, ան­հե­տա­ցած է՝ 28։ Հայ­կա­կան կող­մը ու­նի 101 վի­րա­ւոր։ Ար­ցա­խի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հե­տա­խու­զու­թեան մի­ջոց­նե­րով հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի մը մի­ջո­ցաւ վե­րա­հա­սու դար­ձած է, որ Ատր­պէյ­ճան ու­նի ա­ւե­լի քան եր­կու հա­զար զո­հեր եւ վի­րա­ւոր­ներ։ Հայ­կա­կան կող­մի պնդում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը սխա­լած է նաեւ կարգ մը ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու ժա­մա­նակ։ Ներ­կա­յիս Ար­ցա­խի ռազ­մա­ճա­կա­տին վրայ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին ան­յե­տաձ­գե­լի քննչա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ։

Առ­կայ ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ։ Ռու­սա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան այդ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց­նե­րը։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սարգ­սեան եւ Փու­թին քննար­կե­ցին հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը։ Ա­նոնք կա­րե­ւո­րե­ցին բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի վերսկ­սու­մը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ա­ջակ­ցու­թեամբ, խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ հե­տա­գայ ճա­նա­պարհ­նե­րու ո­րոն­ման նպա­տա­կով։ Փու­թին լուրջ մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան բա­խում­նե­րուն բե­րու­մով, ո­րոնք պատ­ճառ դար­ձած են բազ­մա­թիւ զո­հե­րու։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի հա­կա­մարտ կող­մե­րը հա­ւա­տա­րիմ մնան հրա­դա­դա­րին։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է եւ պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ անհ­րա­ժեշտ միջ­նոր­դա­կան քա­յել­րը՝ մի­տուած նպաս­տե­լու ի­րա­վի­ճա­կի կար­գա­ւոր­ման։

Պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րուած է շա­րու­նա­կել զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րով շփում­նե­րը։

Միւս կող­մէ, այ­սօր Պա­քուի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ռու­սաս­տա­նի, Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն՝ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի, Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի ժո­ղո­վը։ Մոս­կուա­յի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ կու գայ ղա­րա­բա­ղեան հար­ցը եւ ժո­ղո­վա­կան նա­խա­րար­նե­րը կանգ կ՚առ­նեն կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016