ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԻՆՔՆԱԲՈՒԽ ՇԱՐԺՈՒՄԸ
Հայաստանի մէջ ժողովուրդը ինքնաբուխ օժանդակութեան շարժումի մը ծնունդ տուած է՝ զօրակցելու համար Արցախի Պաշտպանութեան բանակին։ Երեւանի կեդրոնին ստեղծուած են հաւաքակէտեր, ուր կամաւորները կը ստանձնեն ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները։ Հայաստանի քաղաքացիները դեղօրայքէն սկսեալ մինչեւ սննդամթերք, օճառներէ սկսեալ մինչեւ հագուստեղէն ամէն ինչ կ՚ուղարկէ դէպի Արցախ։ Օժանդակութիւնները կամաւոր երիտասարդներու կողմէ կը զետեղուին արկղերու մէջ, կը տեղադրուին բեռնատարներ, որոնք կ՚ուղեւորուին դէպի Լեռնային Ղարաբաղ։
Կը հարորդուի, որ զուգահեռաբար նիւթական հանգանակութիւն ալ կը կատարուի քաղաքացիներուն կողմէ։