ՄԻՇՏ ՈՒՍ-ՈՒՍԻ…

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ապ­րուած վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կան ար­ձա­գանգ ստեղ­ծել Թուր­քիոյ մէջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան նա­խըն­թաց օր յայտ­նած էր, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ օր մը պի­տի վե­րա­դառ­նայ իր բուն տի­րոջ՝ Ատր­պէյ­ճա­նին։ Իսկ ե­րէկ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ նոյն խնդրին։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Տա­վու­տօղ­լու նշեց, թէ Թուր­քիա դիրք կը գրա­ւէ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին, որ լա­րուա­ծու­թիւն կ՚ապ­րի Հա­յաս­տա­նի հետ։ Խօ­սե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ ծա­գած սահ­մա­նա­յին լա­րուա­ծու­թեան շուրջ՝ Տա­վու­տօղ­լու հան­դէս ե­կաւ Ատր­պէյ­ճա­նի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թեան պատ­գա­մով եւ ա­նի­ծեց Հա­յաս­տա­նի յար­ձա­կում­նե­րը։ Ան ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած ա­զէ­րի զի­նուոր­նե­րուն հա­մար։ Ըստ ի­րեն, հա­մայն աշ­խարհ պէտք է գիտն­այ, թէ Հա­յաս­տա­նի յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ Թուր­քիա պի­տի շա­րու­նա­կէ ուս-ու­սի մնալ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ։ «Նե­րա­ռեալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը, մին­չեւ որ Ատր­պէյ­ճա­նի բռնագ­րա­ւեալ բո­լոր տա­րածք­նե­րը ա­զա­տագ­րուին՝ մենք պի­տի ըլ­լանք ա­նոնց կող­քին», ը­սաւ վար­չա­պե­տը։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի ար­տա­քին գոր­ծոց յանձ­նա­ժո­ղո­վի ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան, ՃՀՓ­-ա­կան եւ ՄՀՓ­-ա­կան ան­դամ­ներն ալ ե­րէկ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս առ­թիւ պա­խա­րա­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի յար­ձա­կում­նե­րը եւ կոչ ուղ­ղուե­ցաւ, թէ Հա­յաս­տան փու­թով ետ քա­շուի Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րածք­նե­րէն։ Շեշ­տուե­ցաւ, որ Թուր­քիա՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ, պի­տի շա­րու­նա­կէ խրա­խու­սել այն ջան­քե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծադ­րուին հա­կա­մար­տու­թեան ար­դար ու մշտա­կան լու­ծում մը գտնե­լու հա­մար, Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ գե­րա­կա­յու­թեան շրջագ­ծով։ Կրկնե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի ի նպաստ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ, թէ մի­ջազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը պատ­շաճ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը չի ցու­ցա­բե­րեր այս հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման պա­րա­գա­յին եւ անհ­րա­ժեշտ հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նով հան­դէս չի գար վեր­ջին յար­ձա­կում­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Թուր­քիոյ, Ի­րա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ե­ռա­կող­մա­նի այս չոր­րորդ հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ռամ­սէր քա­ղա­քին մէջ։ Ի­րա­նի տան­տի­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցուած ե­ռա­կողմ ժո­ղո­վին ա­ռըն­թեր, հան­դիպ­ման մաս­նա­կից նա­խա­րար­նե­րը ու­նե­ցան նաեւ ա­ռանձ­նազ­րոյց­ներ։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայտ­նեց, թէ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին ըլ­լալ չի նշա­նա­կեր զայն դրդել բա­խում­նե­րու։ «Հի­մա եր­կիր մը գա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի շրջան­նե­րէն Ղա­րա­բա­ղը կը բռնագ­րա­ւէ, ա­ւե­լի վերջ յան­ցա­ւո­րը պի­տի ըլ­լայ Ատր­պէյ­ճան, պի­տի ըլ­լայ Թուր­քիա։ Այս հաս­կա­ցու­թիւ­նը չի հա­մընկ­նիր մահ­մե­տա­կա­նու­թեան կամ մարդ­կու­թեան։ Պէտք է ըլ­լալ ազ­նիւ։ Ի­րա­ւուն­քը պէտք է յանձ­նել։ Բռնագ­րա­ւուած տա­րածք­նե­րը կը պատ­կա­նին Ատր­պէյ­ճա­նին», ը­սաւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016