ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Պեր­լի­նի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաու­քի, Պուն­տես­տա­կի նա­խա­գահ Նոր­պերթ Լամ­մեր­թի, Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայ­նմա­յէ­րի հետ։

Հարկ է նշել, որ Գեր­մա­նիա ներ­կա­յիս շրջա­նա­յին նա­խա­գահն է ԵԱՀԿ-ի, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ կ՚ըն­թա­նայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016